ՊՈԼԻՍ.- ՆԱԹՕի հովանիին տակ, Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոն»ին կողմէ անգլերէնով հրատարակուող զեկուցումներուն մէջ սկսած է բացակայելու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անունը:
Թրքական «Սէօզճիւ» թերթը կը հաղորդէ, որ այս իրողութիւնը նկատուած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ ցկեանս բանտարկուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի միջեւ բանակցութիւններու սկիզբէն ի վեր: Կը նշուի, որ յիշեալ կեդրոնի զեկուցումներուն մէջ կուսակցութեան գործողութիւններուն մասին վերջին անգամ յիշատակուած է Յունիս 19, 2012ի յարձակումը, սակայն ատկէ ետք յարձակումներուն մասին ոչինչ կը տեսնուի, թէեւ այդ ընթացքին տեղի ունեցած յարձակումներուն պատճառով մեծ թիւով թուրք զինուորներ սպաննուած կամ վիրաւորուած են:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» Ապրիլ 17ին կը գրէ, թէ Օճալանի հետ բանակցութեան գործընթացը բաւական արագ քայլեր սկսած է առնելու, բայց ամէն ինչ յստակ չէ: Օճալանի կողմէ հիւսիսային Իրաք ապաստանած քիւրտ զինեալներու ղեկավարութեան ուղղուած երկրորդ նամակը, որ քիւրտ երեսփոխաններու ձեռամբ յանձնուած էր արդարադատութեան նախարարութեան, փոխանցուած է քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան, որուն միջոցաւ ալ Իրաք պիտի փոխադրուի: Օճալան իր այս երկրորդ նամակին մէջ մանրամասնութիւններ տուած է զինեալ ուժերը Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս բերելու ձեւին ու միջոցներուն մասին։
Իր կարգին, քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ Գերմանիոյ մէջ յայտարարած է, թէ զինեալներու հեռացումէն ետք, Թուրքիա պէտք է ժողովրդավարականացման նպատակով յատկանշական քայլեր առնէ՝ երաշխաւորելու համար քիւրտերու իրաւունքները: Ան միաժամանակ ընդունած է, թէ զինեալները Թուրքիայէն հեռացնելու գծով դժուարութիւններ կան: «Վարչապետը կ՛ըսէ, թէ զէնքերը պէտք է վար դրուին ու զինեալները անկէ ետք հեռանան, բայց ո՞վ պիտի կազմակերպէ այս բոլորը», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.