ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս», «civilnet.am».– «Եւրոպայի խորհուրդում Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան ստանձնումից յետոյ բազմաթիւ միջոցառումներ են նախատեսուած»։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թէօրպորն Եակլանտի տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է նախարար Նալբանդեան։ «Մեր նախագահութեան շրջանակում կը կայանան բարձրաստիճան այցելութիւններ Ստրասբուրգ։ Յատկապէս կարող եմ նշել, որ նախատեսուած է հանրապետութեան նախագահի այցելութիւնը Ստրասբուրգ», յայտնած է Նալբանդեան։ Անոր համաձայն, նախատեսուած է նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու մայրաքաղաքներու քաղաքապետներու հանդիպում։
Նախարար Նալբանդեան դիտել տուած է, որ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը։ Անոր համաձայն, այս նախաձեռնութեան ծրագիրը պիտի ներկայացուի 16 Մայիսին, Սթրասպուրկի մէջ։ «Հայաստանը ակտիւ քայլեր կը ձեռնարկի մշակութային, կրօնական, երկխօսութեան, կրթութեան, անհանդուրժողական դէմ պայքարի, երիտասարդական քաղաքականութեան զարգացման եւ այլ ուղղութիւններով», յայտնած է ան։
Արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուած է, որ ասիկա Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան, սակայն այս անգամ այցելութիւնը տրուած է Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի ստանձնելիք նախագահութեան նախօրեակին։
Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ ընդունելութեան համար՝ Թէօրպորն Եակլանտ յայտնած է, որ կազմակերպութեան անդամակցելէ ետք Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, խօսքի ազատութեան ապահովման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման առումով արձանագրուած են զգալի բարեփոխումներ, որոնց արդիւնքները տեսանելի են արդէն։
Անոր համաձայն, Եւրոպայի խորհուրդի համար կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկը կը մնայ փտածութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ մարդու վաճառքը, անդրսահմանային յանցագործութիւնները։ «Ասոնք իսկական սպառնալիքներ են, որոնք կը խախտեն քաղաքացիներուն հաւատքը քաղաքական ու պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ։ Եւրոպայի անվտանգութեան սպառնալիքները ներսէն կու գան եւ ոչ թէ դուրսէն», յայտնած է ան։
Թէօրպորն Եակլանտ հաստատած է, որ պէտք է առաւելագոյնը ընել այս երեւոյթներուն, ինչպէս նաեւ այլատեացութեան, ատելութեան դրսեւորումներուն եւ բռնութեան դէմ պայքարելու համար, մանաւանդ ի պաշտպանութիւն փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն։
Մինչ այդ կայացած հանդիպումին ընթացքին կողմերը տարբեր հարցերու ու համագործակցութեան զուգահեռ նաեւ անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին։ Նախարարը Թէօրպորն Եակլանտին ներկայացուցած է այս բնագաւառին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները։
Նախարար Նալբանդեանի եւ Թէօրպորն Եակլանտի միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք ստորագրուած է Երեւանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակի հիմնադրութեան եւ անոր իրաւական իրավիճակի վերաբերող փոխըմբռնման յուշագիր։ Նշուած է, որ գրասենեակի բացումով Հայաստանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի ներկայութեան կարգավիճակը պիտի բարձրանայ նոր մակարդակի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.