
ԵՐԵՒԱՆ, «Անկախ».- Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ Փարիզ այցելող Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին «Ֆրանս 24»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին՝ պնդած է, որ այդ հարցը կրնայ լուծուիլ պատմաբաններու ջանքերով:
Ան կրկին ըսած է, որ թրքական արխիւները բաց են ուսումնասիրութիւններու համար՝ աւելցնելով, թէ պէտք է պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով մը ստեղծել՝ «1915ի դէպքերը» ուսումնասիրելու համար: