
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Երկուշաբթի, Ապրիլ 15ին, երրորդ անգամն ըլլալով, Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուեցաւ 16 տարիներէ ի վեր քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տէյվ Ուիվըր, մինչ քաղաքային ընտրութեանց ընթացքին յաղթանակ արձանագրած պաշտօնատարները տուին իրենց երդումը:
Նորընտիր պաշտօնատարները իրենց պաշտօնները ստանձնելու ընթացքին խօսեցան զանազան նիւթերու մասին, սկսելով Հայկական Ցեղասպանութենէն, Պոսթընի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումէն ու հասնելով մինչեւ անցեալին հայերու դէմ քաղաքին մէջ արձանագրուած անիրաւութիւնները ու բարեկարգումներու անհրաժեշտութիւնը:
Այս մասին յաւելեալ նկարներ տեսնել էջ 11ի վրայ: