
ԵՐԵՒԱՆ, «Ցայգ».- Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան 98ամեակին նուիրուած միջոցառումները պիտի սկսին Ապրիլ 19ին. այս մասին կը հաղորդէ «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթը: Նաեւ, Փարիզի մէջ, Ապրիլ 23ին ժամը 19:23ին պիտի կայանայ ֆրանսահայ երիտասարդութեան հաւաք մը, իսկ Ապրիլ 24ին, Կոմիտասի յուշարձանին մօտ կայանալիք միջոցառումով, միջազգային հանրութեան անգամ մը եւս կոչ պիտի կատարուի՝ դատապարտելու եւ ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915ին իրականացուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Ապրիլ 23ին, Մարսէյի մէջ տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն, իսկ Ապրիլ 24ին՝ քայլարշաւ դէպի Թուրքիոյ հիւպատոսարան: Այնուհետեւ, տեղւոյն Հայ առաք. եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ՝ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի զոհերուն: Կ՛ակնկալուի, որ քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերեն նաեւ քաղաքի իշխանութիւնները:
Վալանսի մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման միջոցառումները պիտի սկսին Ապրիլ 19ին: Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ եւս տեղի պիտի ունենան նման ձեռնարկներ: