Համադրեց՝
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Եթէ իսկապէս մօտէն կը հետեւիք Միջին Արեւելքի երկիրներու ընդհանուր տարածքին կատարուած քաղաքական վերիվայրումներուն, շարժումներուն, զինուորական կամ ռազմական գործողութիւններուն, յեղաշրջումներուն եւ յեղափոխութեան պիտակին տակ կատարուած «նորութիւններուն», պատերազմ ազդարարող սպառնալիքներուն, միլիոնաւոր տոլարներ արժող զինարշաւներուն, ներքին կամ արտաքին կռիւներուն կամ անոնց ահազանգերուն, խռովութիւններուն կամ ապստամբութիւններուն եւ արիւնալի ցոյցերուն ու, մանաւանդ. այս առթիւ աշխարհի պատմաբաններու, պատմագէտներու եւ դիւանագէտներու յայտարարութիւններուն, կը նշմարենք, որ իսկապէս «նոր բանի մը» ոտնաձայնը կը լսուի այդ շրջանէն ներս, որ թէեւ շատերու համար բոլորովին նորութիւն մը չէ, սակայն հետզհետէ սկսած է դառնալու տեսանելի եւ իրաւ:
Այդ մէկը Քիւրտիստան անունով նոր երկրի մը ծնունդն է:
Բայց…
Փոքր վերաքաղ մը կատարելով կ՛ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, թէ 20րդ դարը, իսկապէս, մեծ առաջնորդներու շրջան եղած է՝ իր դրական ու բացասական իմաստով:
Այդ դարուն եկան Լենին, Ստալին, Մուսոլինի, Հիթլեր, Մաօ, Կանտի, Չըրչըլ, Ռուզվելթ, Տը Կօլ, Քասթրօ, Խրուշչեւ, Ռեկըն, Թաչըր, Կորպաչով եւ տակաւին ուրիշներ, ինչպէս Ասատ, Խումէյնի, Սատտամ ու Քազաֆի, որոնք ճակատագրական դերեր խաղցան, ոչ միայն իրենց վարած կամ իշխած երկրին՝ այլեւ գերպետութիւններու գծած կամ որդեգրած քաղաքականութիւնը տեղաշարժի ենթարկելով:
Վերը յիշուածները բոլորն ալ աշխարհի քաղաքական թատերաբեմէն հեռացած են արդէն: Չկան: Վերջ գտած է իրենց փառքի նստաշրջանը, անոնք դարձած են աշխարհի պատմութեան էջերու յիշատակումներ՝ տանելով նաեւ իրենց տրամաբանութիւնը, որ պատճառ դարձած էր նաեւ համաշխարհային տրամաբանութեան փոփոխութեան:
Ներկայիս, 21րդ դարուն մէջ ենք եւ՝ ականատես նոր համակարգերու ծնունդներու՝ նոր մտածելակերպեր, նոր տրամաբանութիւններ, նոր վարչակարգեր՝ առանց գլխաւոր կամ յայտնի առաջնորդներու: Այս մէկը ճիշդ նախորդ դարուն հակառակ պատկերն է:
Արաբական աշխարհի այս «յեղափոխութեան» ալիքը, որ Թունուզէն սկսելով հասած է Եգիպտոս եւ աւելի վեր, ներկայիս՝ Սուրիա, ոչ մէկ գլխաւոր առաջնորդ ունեցած է: Գլխաւոր առաջնորդներ կամ ղեկավարներ չկան, այլ ներկայ է միայն հասարակութեան ալիքը:
Այս մէկն ալ ձեւ կամ որդեգրում մըն է, որ ուշ կամ կանուխ պիտի գծէ զինք որդեգրող երկրին եւ անոր բնակչութեան ճակատագիրը:
Լաւ կամ վատ, ալիքը ինք ստեղծած է իր նոր իրավիճակը, անշուշտ, շնորհիւ Արեւմուտքի մատուցած զանազան «նոր եւ թեքնիք» ձեւերուն: Այսօր Թունուզն ու Լիպիան գլխաւոր եւ յայտնի առաջնորդներ չունին, այլ ունին միայն նոր խմբակցութիւններ, որոնց «համակարգ» անունը կը տրուի:
Հոս էական եւ կարեւոր հանգամանք մըն ալ կայ:
Ինչ որ ալ ըլլան «յեղափոխութենէ» մը ետք ծնունդ առած նորաստեղ այս հանգամանքները, եթէ չեն կրցած փոխել նախկին իշխանութեան կողմէ որդեգրուած չափանիշներն ու գործելակերպերը, այդ երկրին մէջ ամէն բան նոյնը պիտի մնայ,
ոչ մէկ բան պիտի փոխուի:
Այս բոլորը յիշեցինք, պարզապէս ասոնց ճիշդ հակառակը՝ քաղաքական հորիզոնին վրայ գծագրուող, նոր երեւոյթ մը պարզելու համար:
Այսպէս, ժամանակէ մը ի վեր, Միջին Արեւելքի տարածքին, անկնյայտ ու տեսանելի դարձած է Իրաքի հիւսիսը գտնուող ինքնավար Հիւսիսային Քիւրտիստանի մը ներկայութիւնը, որ կրնայ շուտով իր անկախութիւնը հռչակել:
Նման մեծ, նոր եւ շատերու համար վտանգաւոր երեւոյթ մը մեզի մտածել կու տայ, թէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, ի տես այս նոր երեւոյթին կամ ծնունդին, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ի՞նչ պիտի ընէ, ի՞նչ կը մտածեն իր ղեկավարները: Արդեօք այս նոր երկրին իրականացումով, ի՞նչ պիտի ըլլայ շրջանի քարտէսը, մանաւանդ որ, այս «նորը» ոչ Թունուզ է, եւ ոչ ալ Եգիպտոս կամ Սուրիա, կամ ալ Լիպիա:
Հոս, մեր վերը յիշած համակարգի դրութիւնը չկայ, այլ կայ լուրջ, միեւնոյն ժամանակ մտահոգիչ պարագայ մը:
Պէտք է ըսել, որ տակաւին քանի մը տասնամեակներ առաջ քրտական պետութեան մը ծնունդը իսկապէս ծիծաղելի կը թուէր շատերուն եւ նոյնիսկ՝ անհնարին:
Տակաւին անցեալ դարուն պատկանող պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին, քիւրտերը նոյնիսկ չէին կրնար պետութիւն մը ստեղծելու մասին մտածել: Այսօր սակայն այս մէկը կամաց-կամաց իրականութիւն սկսած է դառնալ, որովհետեւ Մերձաւոր Արեւելքի ներկայի քաղաքական մթնոլորտը ի շահ քիւրտերուն կը գործէ:
Շատեր այս մէկուն իրականացումը «արաբական գարնան» իբրեւ պտուղ կը համարեն կամ անոր անբաժան մէկ մասնիկը կը նկատեն: Բայց ուրիշներ ալ ոչ մէկ նմանութիւն կը գտնեն ու կը մեկնաբանեն ըսելով, թէ եղածը պարզապէս աշխարհագրականօրէն քիւրտերու իրարու մօտ նոյն շրջաններուն մէջ ապրիլն է:
Բնականաբար Հայաստանի կողքին նոր Քիւրտիստանի մը ստեղծումը մեծ մտահոգութիւն պիտի պատճառէ նաեւ Իրաքի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրանի՝ հաւասարապէս:
Շատեր այն կարծիքին են, թէ Թուրքիոյ մէջ ապրող միլիոնաւոր քիւրտերը կրնան խաղալ այն դերը, ինչ ժամանակին թուրքերը խաղացին Բիւզանդական կայսրութեան շրջանին եւ պատճառ դարձան այդ հսկայ կայսրութեան քանդումին:
Ահա՛, երբ կ՛ըսեն, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, իրաւ եւ ճշմարիտ է:
Ներկայիս դիւանագէտներ կը պարզեն, թէ Թուրիքան իր դիմաց միայն երկու ձեւ կամ լուծում ունի: Այսպէս. ան կամ յօժար կերպով քիւրտերուն պիտի յանձնէ Արեւելեան Անատոլուն եւ կամ ալ միշտ զինուորական մեծ, արիւնալի, վտանգաւոր ու ծախսալից զինուորական գործողութիւններ պիտի նախաձեռնէ անոնց դէմ:
Բայց ինչ որ ալ ըլլան եզրակացութիւններն ու շրջանի երկիրներու մտավախութիւնները, այլեւս արմատացած կÿերեւի նոր Քիւրտիստանի մը ներկայութիւնը:
Ուշ կամ կանուխ այս երկիրը պիտի ծնի, կը հաստատեն արեւմտեան աղբիւրներ ու կÿաւելցնեն, թէ նոր եւ հզօր Քիւրտիստան մը, եթէ սկիզբը չկարողանայ ազատ ու անկախ ապրիլ, գոնէ պիտի կարենայ Պաղեստինի նման ՄԱԿի կողմէ ճանչցուիլ ու տարիներ ետք իր անկախութիւնը ձեռք ձգել:
Ասոր համար այս հարցը, ինչպէս «արաբական գարունը», չափազանց բարդ է:
Եթէ պատմութեան էջերը դարեր ետ դարձնենք պիտի տեսնենք, որ երկար ատեն Միջին Արեւելքի մէջ իշխած են երկու կայսրութիւններ՝ Օսմանեանն ու Պարսկականը, որոնք վերածուեցան Թուրքիոյ եւ Իրանի հանրապետութիւններու:
Խօսելով Իրանի մասին, ներկայիս ան ալ կը գտնուի դժուար իրավիճակի մէջ, որովհետեւ իր մեծագոյն դաշնակիցն ու յենարանը՝ Սուրիան, ներքին կործանման եզրին կը գտնուի:
Միւս կողմէ, Իրաքի մէջ ապրող քիւրտերու անջատողական շարժումը կրնայ առիթ տալ Իրանի նաֆթային մեծ շրջանին մէջ ապրող միլիոնաւոր ատրպէյճանցիներուն, որ իրենք ալ ուզեն եւ փորձեն հետեւիլ քրտական շարժումին եւ անջատուիլ ու միանալ իրենց մայր երկիր Ատրպէյճանին եւ կամ՝ կազմել նոր, անկախ, ինքնավար ու անջատ երկիր մը:
Այս օրերուն այդ շրջանէն ներս շատ յստակ ու տեսանելի են Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վատթարացումն ու թշնամական իրավիճակը:
Դիւանագէտներու համաձայն, Մերձաւոր Արեւելքի միւս բեւեռը՝ Թուրքիան, շրջանէն ներս այլեւս չի կրնար քրտական շարժումի մը եւ անոր պետութիւն մը կազմելու իրականութեան առջեւ իր ղեկավարի դերը շարունակել: Ուստի՝ Քիւրտիստան անունով նոր երկրի մը ստեղծումը պիտի դառնայ շատ հաւանական:
Գալով մեզի, Հայաստանի համար քրտական պետութեան ստեղծումը կրնայ ունենալ դրական եւ մանաւանդ ալ ժխտական ծանր հետեւանքներ:
Այսպէս, եթէ Քիւրտիստան մը ինքզինք անկախ հռչակէ, այս մէկը առաջին հերթին դրական հետեւանք կրնայ ունենալ Ղարաբաղի ինքնութեան վրայ: Միւս կողմէ, Քիւրտիստանի մը ծնունդը Հայաստանը պիտի դնէ նոր իսլամ դրացի երկիր մը ունենալու դեմ հանդիման, որ կազմուած պիտի ըլլայ ոչ միայն Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ հողամասերու մեծ ու փոքր տարածքներէն, ուր ներկայիս միլիոնաւոր քիւրտեր կ՛ապրին, այլեւ՝ Թուրքիայէն խլելով Արեւելեան Անատոլուն, պիտի կազմէ իր հսկայ երկիրը:
Ահա այս վերջինն է, որ մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ թրքական այս հողամասը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անբաժան մէկ մասնիկը մեր պատմական Հայաստանին, իր բոլոր գաւառներով միատեղ:
Ուստի, Քիւրտիստանի մը ստեղծումը մեզի համար երկսայրի սուրի պիտի նմանի. ինքնաբերաբար պիտի ունենանք որոշ ու մեծ հարցեր, հսկայ մարտահրաւէրներ:
Այս առթիւ պէտք է շեշտել նաեւ, թէ արդէն նման երկրի ստեղծման գաղափարը նոյնիսկ Թուրքիոյ հարաւ արեւելքը ապրող քիւրտերուն մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն պատճառած է:
Ներկայիս քիւրտերը զինուած են շատ ծանր ու արդիական զէնքերով եւ վճռականօրէն որոշած են ունենալ իրենց ազատ եւ անկախ հայրենիքը՝ Քիւրտիստանը: Նոյնիսկ ծրագրած ու որոշած են իրենց մայրաքաղաք հռչակել մեր պատմական Տիգրանակերտը:
Այս ձեւով հայ-քրտական սահմանը կը դառնայ շատ աւելի վտանգաւոր:
Հարցը հետեւեալն է. արդեօ՞ք ներկայիս մենք ազգովին պատրաստ ենք նման մարտահրաւէրի դիմաց կանգնելու. հայերու թիւը գերազանցող հսկայ եւ նոր իսլամ պետութիւն մը պիտի հիմնուի ու մեզ պիտի օղակէ կրկին անգամ:
Կը կարծեմ, որ մեզի կ՛իյնայ, Սփիւռք եւ հայրենիք, երկար եւ լուրջ քննել, ամէն բան ընել, որ 20րդ դարու սկզբի մեր սխալները չկրկնուին:
Ներկայիս առկայ է «կլոպալ» քաղաքակրթութիւն ըսուածը եւ անոր տրամաբանական զարգացումը: Ուստի, պէտք է զայն լաւապէս ըմբռնել, ետեւէն հասնիլ, որպէսզի ապագային ազգովին չ՛ափսոսանք:
Էական է նաեւ յստակօրէն պատկերացնել մեր շուրջը ստեղծուած փոթորիկին տարողութիւնը ու անոր համաձայն պատրաստուիլ:
Ճիշդ է, որ երկար ատենէ ի վեր դարձած ենք ճակատագրապաշտ: Ուստի այս մէկէն ձերբազատելու համար, կարեւոր է, որ մենք ազգովին փոխենք մեր մտածելակերպը, որ այս պարագային կախեալ է մեր առաջնորդներէն եւ ոչ թէ մեզմէ:
Մեր շուրջը «մեծ խաղ» մը կը պատրաստուի: Այս մէկուն պէտք է պատրաստ ըլլանք, որ «ծուղակը» չիյնանք: Նախապայման է, որ լաւ ճանչնանք մեր հին ու նոր թշնամին եւ անշուշտ մեր հին ու նոր բարեկամները, որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ, բոլոր պատրանքները տեղի կու տան դառն իրականութեան եւ մերկ ճշմարտութեան առջեւ:
Վերջապէս պէտք է համոզուինք, որ հայրենիք եւ Սփիւռք միակամ ուժերով կոչուած ենք կերտելու մեր կեանքը: Ըսած եմ յաճախ, որ մեր հարցերը պէտք է լուծենք առանց անցեալի միջամտութեան, մերկ լոյսի տակ, առանց լալու, առանց տրտնջալու, առանց աղմուկի եւ աւելորդ ցուցապաշտութեան ու՝ գաղտնօրէն:
Առանց զիրար խաբելու եւ խաբուելու որոնենք մեր ինքնութիւնը, որ շատերու մօտ արդէն կորսուած է: Մռայլ եւ ամեհի դար մըն է 21րդ դարը, ուր մեծ դաւեր ու խաղեր կը սարքուին ամէն օր:
Ո՞ւր ենք այս բոլորին մէջ, ի՞նչ ընել կ՛ուզենք: Երբ մեր հայրենիքը իրականացած երազ է, ո՞ւր հասած է մեր ինքնագիտակցութիւնը: Վերջ դնենք «արի տուն» լոզունքին եւ զայն փոխարինենք «մնանք տունը»ով: Այս թէեւ ուրիշ հարց է, բայց պէտք է անպայման մտածել:
Վերջապէս ներկայիս առկայ է հետեւեալ իրականութիւնը. Նոր Քիւրտիստանով ո՞ւր պիտի մնայ պատմական Հայաստան հասկացողութիւնը: Թուղթի վրա՞յ:
Չմոռնանք, որ շուտով մեր քիթին տակ նոր երկիր մը պիտի ստեղծուի Քիւրտիստան անունով՝ շուրջ քառասուն միլիոն բնակչութեամբ:
Մեզի կ՛իյնայ այս մէկուն պատեհութիւններն ու անպատեհութիւնները այսօրուընէ իսկ չափելու, որովհետեւ վաղը միշտ ուշ է:
Կացութեան հիանալի վերլուծում է տրուածը, բայց լուծումի ոչ մէկ առաջարկ՝ բացի պատրաստ ըլլալու կոչէն: Բայց թէ Ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ, ինչպէ՞ս պատրաստ ըլլալ եւ ի՞նչ են մեր կաելիութինները. հակազդելու կամ համակերպութեան: Մեր քաղաքական մտածողութիւնը տակաւին ոչ մէկ, նոյնիսկ աղօտ ուղեգիծ տալու ի վիճակի ըլլալ չի թուիր դժբախտաբար: