
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին. Անգարայի մէջ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Ճան Քերիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ան նաեւ նշած է, որ Քերիի հետ Կիրակի, Ապրիլ 7ին կայացած հանդիպման ընթացքին շօշափուած են Կովկասի մէջ հաւասարակշռութեան վերաբերող հարցեր:
Տաւութօղլուի համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը պէտք է յաւելեալ թափ տայ իր աշխատանքին: