ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի ՀՅ Դաշնակցութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, Կիրակի, Մարտ 17ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 122ամեակի տօնակատարութիւնը:
Հանդիսավար Եդուարդ Մկրտիչեան բեմ հրաւիրեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանը, որ Տէրունական աղօթքով հանդիսութեան բացումը կատարեց:
Բուռն ծափահարութիւններու տակ, դրօշակներ բռնած՝ սրահ մուտ գործեցին ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտ, արենուշ, գայլիկ եւ կակուղ թաթիկ եղբայրներն ու քոյրերը՝ իրենց խմբապետական կազմով եւ առաջնորդներով: Անոնք դրօշակի արարողութիւնը կատարելէ ետք, բարեւի կեցած՝ մանկական ձայներով մեկնաբանեցին քայլերգները:
Հանդիսավար Մկրտիչեան, ի տես «Սասուն» մասնաճիւղի մատղաշ այս սերունդին իր ուրախութիւնը յայտնելով՝ ներկաներուն դարձաւ եւ ըսաւ. «Սիրելի ընկերներ եւ բարեկամներ, ասիկա էր մեր տարիներու երազանքը, բեմերու վրայ տեսնել մեր մատղաշ նոր սերունդը»:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց Պօղոս Հանտեանը, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան խօսքը փոխանցելու համար: Հանտեան հայոց պատմութեան քառուղին մտնելով՝ ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան իրագործումները, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը:
ՀՅ Դաշնակցութեան 122ամեակին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին շրջանիս Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայի աշակերտ-աշակերտուհիները՝ ՀՅ Դաշնակցութեան ոգին խորհրդանշող խանդավառ երգերով ու ոտանաւորներով: Անոնք ներկաներուն սրտերն ու հոգիները փայփայեցին: Որքա՜ն կարօտն ունէինք մանկական շրթներու վրայ ծաղկող մեր բանաստեղծներուն եւ երաժիշտներուն երգերուն ու քերթուածներուն:
Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայի աշակերտներու յայտագիրէն առաջ, Զանի Շիշոյեան իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց: Ապա, հերթականօրէն արտասանեցին Լիլիա Աւետիսեան՝ Յ. Շիրազի «Խաղաղութիւն»ը, Մերի Խալաթեան եւ Պատուական Խաչատուրեան՝ «Հայաստան»ը, Էրիկ Բարսեղեան՝ Յ. Շիրազի «Կտակ»ը, Անի Ստեփանեան՝ Պ. Սեւակի «Մենք Քիչ Ենք»ը, Էլիանորա Սարգսեան՝ Գէորգ Էմինի «Չյագեցած Վրէժ»ը, Հրաչեայ Սարգսեան եւ Տիգրան Մանուկեան՝ Գէորգ Էմինի «Անպատասխան Հարց»ը, Էրիկ Բարսեղեան՝ Ա. Ծառուկեանի «Եռագոյն Դրօշ»ը, իսկ մէջ ընդ մէջ, երգչախումբը գեղեցիկ կերպով երգեց «Իմ Անունը Հայաստան Է», «Հայ Ենք Մենք» եւ վերջաւորութեան՝ «Հայրենեաց Եռագոյն Դրօշ» երգերը: Բոլոր արտասանութիւններն ու երգերը ներկաներուն կողմէ բուռն ծափահարութիւններով գնահատուեցան:
Գերգնահատելի աշխատանք կը կատարուի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ: Տասը նուիրեալներ՝ ղեկավարութեամբ տնօրէնուհի Մարգարիտ Թումանեանի, այս փոքրիկներու սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ յաջողած են հայրենասիրութեան ոգին ներշնչել եւ զայն փոխանցել ներկաներուն: Վարձքերնիդ կատար, սիրելի ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:
Հանդիսավար Եդուարդ Մկրտիչեան, իր գնահատանքը արտայայտելէ ետք, բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր Զարեհ Աճէմեանը եւ մանրամասնօրէն փոխանցեց հիւրին կենսագրական գիծերը: Զարեհ Աճէմեան կրթութիւնը Պարսկաստանի մէջ ստանալէ ետք՝ 2001ին Ամերիկա կը հաստատուի, իսկ 2005ին՝ Կլենտէյլ, եւ հոն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Յարգելի բանախօսը, իր շնորհակալութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնելով՝ ըսաւ. «Իրապէս ինծի համար մեծ ուրախութիւն է այսօր գտնուիլ Ֆրեզնօ, ուր կը հանգչի իմ սիրած վրիժառու հայորդիներէն Սողոմոն Թեհլիրեանի աճիւնը»: Ապա ան հանգամանօրէն ներկայացուց 122 տարիներ շարունակ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլարշաւը՝ պատմութեան քառուղիին վրայ՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը, մինչեւ Ղարաբաղ եւ Սփիւռք, պաշտպանելով հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները:
Հանդիսավարը բեմ բարձրանալով շնորհակալութեան խօսք յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն՝ յարգելի պատգամաբերին եւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայի տնօրէնութեան ու աշակերտներուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջած էին կոմիտէի հրաւէրին ու խօսքերով, արտասանութիւններով եւ երգերով ծաղկեցուցին ՀՅ Դաշնակցութեան 122ամեակի տօնակատարութիւնը: