
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 4ին, իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի գրասենեակը տեղեկացուց, թէ որոշուած է Շրջանային 9րդ վճռաբեկ ատեանին դիմել՝ Թուրքիոյ պետական «Զիրաաթ» եւ Կեդրոնական դրամատուներուն դէմ բացուած դատին հարցով:
Ըստ նշեալ դատին՝ սոյն երկու դրամատուները Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն ապօրինի միջոցներով գրաւած են հայերուն լքուած կալուածները եւ այդ պատճառով ալ պէտք է վնասուց հատուցում վճարեն անոնց իրաւատէրերուն:
Մարտ 26ին, Լոս Անճելըսի մէջ հաստատուած դաշնակցային ատեանի դատաւոր Տոլի Ճի վճռած էր դատավարութիւնը չշարունակել՝ պնդելով, թէ քաղաքական հարցեր դիմագրաւող նման դատավարութիւն մը պիտի կատարուէր միայն այն ատեն, եթէ Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային կառավարութիւնը ընդունած ըլլար Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Սակայն, յատկանշական է, որ դատաւորը անհիմն համարած է թրքական դրամատուներուն այն պնդումը, թէ իրենց դէմ կարելի չէ դատ բանալ ամերիկեան ատեանի մը մէջ՝ շեշտելով, թէ դրամատուները հաշուետու կրնան ըլլալ, երբ հարցը կը վերաբերի ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու:
Յիշեցնենք, թէ նշեալ դատը բացուած էր 2010ին, երեք հայերու անունով, Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած կալուածներուն փոխարէն հատուցում ստանալու նպատակով. սոյն դատով կը շեշտուի, թէ նշեալ դրամատուները Ցեղասպանութեան ժամանակ մեղսակից էին Թուրքիոյ կառավարութեան: