ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Փի.Առ. Ուեպ».- Ոսկերչական «Թայքուն» ընկերութեան ստեղծագործութիւնները լոյս տեսած են Մարթա Սթիուըրթի «Ուետինկզ» թերթի նորագոյն թիւին մէջ:
Թերթին մէջ լուսարձակի տակ առնուած են ընկերութեան ամուսնական արտադրութիւններու «Տէ Լա Թուիսթա» շարքէն նմոյշներ:
1987ին հաստատուած «Թայքուն» ընկերութիւնը ամերիկեան շուկային մէջ մենաշնորհեալ իրաւասութիւնը ունի «Թայքուն» անունով ադամանդներու յատուկ կտրուածքին (ճանչցուած Ամերիկայի գոհարագիտութեան հիմնարկին (GIA) կողմէ), երեք այլ մենաշնորհեալ իրաւասութեանց կողքին:
Ընկերութեան սեփականատէրերն են նոյն անունը՝ Թորոս Քէչէճեան, կրող երկու զարմիկներ:
«Թայքուն»ի եւ անոր իւրայատուկ արտադրութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.tycooncut.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.