ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- «Ինչպէս որ Քրիստոս Ծաղկազարդի օրը Երուսաղէմ յաղթական մուտք գործեց, թող այնպէս ալ մուտք գործէ մեր եկեղեցիներէն, մեր հոգիներէն ներս՝ զԻնք դիմաւորենք «Ովսաննա» աղաղակելով, եւ իր խաղաղութիւնը ընդունինք անհատական ու հաւաքական մեր կեանքերուն, մեր հոգիներուն մէջ, Իրմէ խնդրենք հաւատք ու խաղաղութիւն ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի», ըսաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ համախմբուած հաւատացեալ ժողովուրդին, Կիրակի, Մարտ 24ի առաւօտուն, երբ քրիստոնեայ աշխարհին հետ մեր եկեղեցին եւս նշեց Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին տօնը, հաղորդակից դարձաւ խաղաղութեան ու հաւատքի վերահաստատման հրաւէրին։
Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնէն շաբաթ մը առաջ, եկեղեցիները յորդեցան հաւատացեալներու բազմութեամբ. եկեղեցիներուն ու շրջափակերուն մէջ տօնական մթնոլորտ տիրեց. ծնողներ, իրենց մանուկները գունագեղ զգեստներով զարդարուն եւ մոմեր ի ձեռին, ձիթենիի ճիւղերով մասնակից եղան Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը խորհրդանշող թափօրին, առ ի պատրաստութիւն Աւագ շաբթուան ու Ս. Յարութեան տօնին։
Պատարագի ընթացքին, Ս. սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Սարգիս Պոյաճեանի, երգեհոնի վրայ նուագակցութեամբ Գոհար Թորանեանի։ Բուրվառակիրներն էին Դերենիկ Ներսէսեան եւ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան։ Վերանորոգուած Մայր տաճարով խանդավառ՝ հաւատացեալներ խուռներամ ներկայ գտնուեցան արարողութեանց եւ լսեցին սրբազան հօր պատգամը։
Առաջնորդը իր պատգամը սկսաւ փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ Իտալիա եւ Անգլիա իր առաքելութենէն ետք, Ծաղկազարդի օրը կը գտնուի Ս. Խաչ Մայր տաճարի ծխական համայնքի մեծ ընտանիքին հետ, առաջին պատարագը մատուցելու վերանորոգութեան ու բարեզարդման ենթարկուած եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Աւագ շաբթուան արարողութեանց ու Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնին, պիտի ըլլայ ծխական շրջաններու հաւատացեալներուն հետ։ Սրբազանը յիշեց, որ անցեալ շաբաթ, քրիստոնեայ աշխարհին համար արձանագրուեցան պատմական հանգրուաններ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան հետ՝ մասնակից եղաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Ֆրանսիս պապին գահակալութեան արարողութեան, ապա նաեւ Անգլիոյ Քենթըրպըրի քաղաքին մէջ ներկայ եղաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ նորընտիր հոգեւոր առաջնորդին՝ Ճասթին Ուելպի արքեպիսկոպոսին գահակալութեան արարողութեան։ Առաջնորդը յայտնեց, թէ վեհափառին ողջոյններն ու շնորհաւորութիւնը փոխանցելու կողքին՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին արծարծած է Ցեղասպանութեան գծով հայութեան պահանջատիրութիւնն ու այս գծով քահանայապետէն ակնկալութիւնները, իսկ Քենթըրպըրիի առաջնորդին հետ անդրադարձած են երկու եկեղեցիներուն պատմական կապերուն ու կտրած գործակցական ճամբուն։ Սրբազանը մաղթեց, որ խորհրդածենք երկու հոգեւոր առաջնորդներուն համեստութեան, պարզութեան ու հաւատքի օրինակով ու ծառայական մեր կեանքը վերանորոգենք այս արժէքներուն համաձայն։
Առաջնորդը ողջոյնի յատուկ խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու մանաւանդ բարերարներուն, որոնք քանի մը օր առաջ ամբողջացուցած էին տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքը։ Ան յատկապէս օրհնութեան խօսք ուղղեց Թումանճեան բարերար ընտանիքին, որ ոչ միայն յանձն առած էր նորոգութեան աշխատանքը, այլ նաեւ զայն սիրայօժար նուիրաբերած էր եկեղեցւոյ։ Առաջնորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս նուիրաբերումին ու գործակացական այն ոգիին համար, որուն արդիւնքն էր յիշեալ իրագործումը, եւ կոչ ուղղեց համայնքի զաւակներուն ու շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց, որպէսզի նոյն ոգիով վերանորոգեն ծխական համայնքի կեանքը, զօրավիգ կանգնին եկեղեցւոյ, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին եւ գաղութի բոլոր միաւորներուն, որպէսզի Ս. Խաչ Մայր տաճարի առաքելութիւնը ապրի յաւելեալ ծաղկում, շարունակելով այն երթը, որ սկսած էր մօտաւորապէս դար մը առաջ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի եկեղեցիէն։
Իր պատգամը շարունակելով, սրբազանը մէջբերեց Յովհաննու Աւետարանի 21րդ գլուխի 9րդ համարին հետեւեալ տողերը՝ գոչելով. «Օրհնութիւն Դաւիթի որդիին, օրհեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութիւն Բարձրեալին»։ Ապա անդրադարձաւ այն իրադարձութեանց, որոնք պատահեցան Ծաղկազարդի օրը, երբ Յիսուս համեստ աւանակի մը վրայ նստած Երուսաղէմ մտաւ ու ցնծութեամբ դիմաւորուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, սակայն քանի մը օր ետք խաչուեցաւ: Առաջնորդը յորդորեց ներկայ հաւատացեալները, ըսելով, որ այսօր եւս պէտք է ովսաննաներով դիմաւորել Փրկիչը, տոգորուիլ համեստութեամբ ու սիրով, մեր հոգիները տարածել Աստուծոյ առջեւ եւ զԱյն ընդունիլ մեր հոգիներուն ու կեանքին մէջ։
Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով, որ Երկնաւոր Հայրը մեր եկեղեցւոյ ու ազգային կեանքին ներարկէ հաւատք, սէր ու նոր նուաճումներ, ի Հայաստան, Ի Սփիւռս աշխարհի ու յատկապէս Ս. Խաչ Մայր տաճարի ծխական համայնքին։
Պատարագի աւարտին, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, կազմուեցաւ Ծաղկազարդի թափօրը՝ Կիրակնօրեայի աշակերտներով եւ հաւատացեալներու փոքրիկներով, մասնակցութեամբ տէր հօր, դպրաց դասին եւ բուրվառակիրներուն։ Թափօրը շրջագայեցաւ բակին մէջ եւ վերստին մուտք գործեց եկեղեցի։ Ապա կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, նախագահութեամբ առաջնորդին։ Դռնբացէքի կնքահայրն էր փոքրիկն Անթընի Կիւլտալեան, որդին տէր եւ տիկին Քրիս Կիւլտալեանի։
Դռնբացէքի արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները ուղղուեցան «Բաղրամեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի ճաշկերոյթը, կազմակերպութեամբ Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի Տիկնանց միութեան եւ ՀՕՄի «Անի» մասնաճիւղին։
Ճաշկերոյթին ներկայ էին առաջնորդը, բարերար Ճորճ Թումանճեան եւ ընտանիքը, Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգաբարձութիւնը, Ազգ. երեսփոխաններ, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, «Մեսրոպեան» վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան եւ գաղութի ծխականներէն հոծ բազմութիւն մը։
Բացման եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս. Խաչ Մայր տաճարի Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Էլիզապէթ Խանճեան։ Առաջնորդը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Յաջորդաբար խօսք առին ՀՕՄի «Անի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Նուարդ Մուրատեան եւ «Մեսրոպեան»ի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, որ շեշտեց շրջանիս եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ ազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Տաճարի Հոգաբարձութեան ատենապետուհի Գոհարիկ Կապրիէլ մանրամասնութեամբ ներկայացուց եկեղեցւոյ ներքնամասին մէջ կատարուած բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ յարակից նորոգութիւնները եւ հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Թումանճեան ընտանիքին, մասնաւորաբար Մայքըլ Թումանճեանի, որ ամէն օր, երկար ժամեր անձնապէս հսկեց եւ բծախնդրութեամբ ղեկավարեց շինարարական աշխատանքները։ Ապա ան հրաւիրեց Մայքըլ Թուանճեանը իր սրտի խօսքը ուղղելու։ Ան արտայայտուեցաւ ջերմ խօսքերով, փառք տալով Աստուծոյ ու ըսաւ, որ իրեն համար պատիւ եւ առանձնաշնորհում էր եկեղեցւոյ շինարարական աստուածահաճոյ աշխատանքները կատարել, եւ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց իր հօր՝ Ճորճ Թումանճեանի, որ սիրայօժար նուիրաբերած էր նորոգութեան ծախսերը։ Ան նաեւ յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց իր որդւոյն՝ Միքի Թումանճեանին, որ անձնապէս մասնակից դարձաւ շինարարական աշխատանքներուն, ցուցաբերելով իր անվերապահ աջակցութիւնը։ Ներկաները երկար ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը արտայայտեցին Թումանեան ընտանիքին։
Շնորհակալութեան եւ շնորհաւորութեան խօսք արտասանեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Աշոտ քահանան։
Առաջնորդը գնահատանքի խօսքեր ուղղեց բարերար Ճորճ Թումանեանի, որ ազնուաբար ստանձնեց նորոգութեան մեծածախս ծրագիրին հոգացումը. ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ որդւոյն՝ Մայքըլ Թումանեանի, որ չորս ամիս անխոնջ կերպով ղեկավարեց շինարարական աշխատանքները եւ ճշդուած ժամանակին, Ծաղկազարդի օրը, պատրաստ դարձուց եկեղեցին։
Ապա, «Մեսրոպեանէն խումբ մը աշակերտներ, ղեկավարութեամբ Անահիտ Խաչիկեանի, քաղցրահնչիւն երգերով արժանացան ներկաներու ծափողջոյններուն։
Ճաշկերոյթը աւարտեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, ներկաներէն շատեր մօտեցան բարերար ընտանիքին, անձամբ յայտնելու իրենց գնահատանքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.