ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– ««Ժառանգութիւն»ը կը միանայ միայն իրական, ճշմարիտ ու բովանդակային քայլերին», 28 Մարտին յայտարարած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը՝ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ արդեօք «Բարեւ, Երեւան» դաշինքը պիտի մասնակցի՞ աշխատանքներուն միասնական ղեկավարման մարմինին, զոր ձեւաւորելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է Հայ Ազգային Կոնգրեսը (ՀԱԿ):
Լրագրող Կարլեն Ասլանեան կը գրէ, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններու օրինակով ընդդիմադիր ՀԱԿը ոչ իշխանական ուժերուն՝ Դաշնակցութեան, «Ժառանգութեան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»ին առաջարկած է միացեալ համատեղ ուժերով պայքարիլ ընտրակեղծիքներու դէմ:
«Երբ կը տեսնենք, որ կայ ցանկութիւնը իրական պայքար տանել, այլ ոչ թէ իրականացնել այն նոյն գործընթացը, ինչը տեղի ունեցաւ 2012 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնների ժամանակ այդ միասնական շտաբի շրջանակներում, այդ դէպքում հնարաւոր է, բնականաբար: Բայց այն, ինչ տեղի է ունեցել 2012ին եւ որի կրկնութեան նախադրեալները կարծէք թէ այսօր իսկ տարածւում է, բնականաբար, մենք որեւէ մէկի իմիտացիոն գործընթացին, ծխածածկոյթ տարածելու գործին, կեղծ ընդդիմադիր խաղալու գործին չենք նպաստելու 28 Մարտին Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած բացօթեայ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Մարտիրոսեանը, որ կը գլխաւորէ «Բարեւ, Երեւան» դաշինքը:
«Իսկ խախտումների մասին տեղեկութիւններ «Ժառանգութիւնն» արդէն ստանում է. երեւանցիներին ցուցակագրում են՝ ընտրակաշառքի խոստումներով», մատնանշած է Մարտիրոսեան:
«Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ «Ժառանգութեան» անուան տակ մտնում են տները, իբր այս աջակցման արձանագրութեան թերթիկները լրացնելու, բայց նաեւ անձնագրային տուեալներ են ուզում», նշած է ան։
Մարտիրոսեան պատասխանած է նաեւ Սերժ Սարգսեանի խօսնակ Արմէն Արզումանեանի 27 Մարտի այն յայտարարութեան, թէ նախագահի հանդիպումները տեղի կ՛ունենան միայն նախագահական նստավայրին մէջ: «Հանդիպման միակ վայրը Ազատութեան հրապարակն է», հաստատած է Արմէն Մարտիրոսեան՝ պնդելով, թէ փոխզիջման հարց չկայ այս իմաստով:
«Մեր ամբողջական առաջարկները արդէն ներկայացրել ենք, այդ առաջարկները փոփոխման այլեւս ենթակայ չեն, եթէ որեւէ կէտ փոփոխուի, համարժէք այլ առաջարկ պէտք է արուի: Ինչ վերաբերում է վայրին, ես չեմ կարծում, որ ներհայաստանեան ճգնաժամը լուծելու համար աւելի լաւ վայր կայ, քան Ազատութեան հրապարակը: Սա վերջնագիր չէ եւ սա այնքան մեծ հրապարակ է, որ հանդիպման վայրերը այս հրապարակում բազմաթիւ են», դիտել տուած է «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.