ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կրկին Զատիկ է, աւանդութիւն՝ խունկով ու աղօթքով: Իսկ մեր բոլոր աւանդութիւններն ալ իրենց խորքին մէջ, մէկական գեղեցկութիւններ են՝ խորհրդաւոր:
Այլ խօսքով, մեզի համար աւանդութիւն կը նշանակէ դարձեալ հաղորդակցիլ մեզի ժառանգուած անցեալին հետ, եւ այդ անցեալը անբաժան մասնիկ մըն է մեր կեանքին: Անոր համար Ս. Յարութեան գաղափարը կապած եւ ագուցած ենք մեր ազգային կեանքին հետ:
Կը հաւատանք, որ իր գոյութեան մէջ, կեանքը միշտ գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան պայքար մը եղած է մահուան դէմ: Տեսնուած է, թէ մարդկային բոլոր ստեղծագործութիւնները նոյն այդ պայքարին արդիւնքն են:
Իսկ գալով մեզի, իբրեւ հայ, մահը՝ առհասարակ մեզի համար ստեղծագործ եղած է: Մեր գերեզմանները միշտ երկինքով լեցուցած ենք եւ այդպէս ալ իբրեւ մարդ, փորձած ենք շարունակել մեր ուրոյն մտածողութիւնը, մեր գոյութեան եւ գոյատեւման հետ միատեղ:
Զատիկ է եւ մահուան յաղթանակի տօն:
Հայուն համար մահը ուրիշ բան է: Ան թէեւ ճակատագրական վախճան է, սակայն իր մէջ տարբեր կախարդական երանգ մը ունի: Պատմութեան ընթացքին, մենք միշտ մեր մահը զարդարած ենք: Մեր գերեզմանները կապած ենք մեր կեանքին:
Կ՛ուզեմ այսպէս, եզակի եւ հաստատ ինքնագոհութեամբ, աղուոր անկեղծութեամբ նաեւ ըսել, որ մենք եթէ իսկապէս կ՛ուզենք լաւ ձեւով ընբռնել խաղաղութեան իշխանին Յարութեան իմաստն ու խորհուրդը, պէտք է արժեւորենք մեր կեանքը:
Ճիշդ է, որ ծնած ենք, ուստի՝ պէտք է շարունակենք ապրիլ: Սակայն այս բոլորին մէջ եւ ետին կայ մեր ժամանակը ստեղծելու եւ արժեւորելու էականութիւնը: Ազգովին մենք ունեցած ենք յաւերժական անցեալ մը, զոր միշտ կը յիշենք տառապանքով, խոնաւցած աչքերով եւ զգացական պոռթկումով: Ասկէ մեկնած, մեզի համար կեանքը մահ եղած է եւ մահն ալ՝ կեանք:
Զատիկ է՝ Յարութեան հաւատքի գիտակցութեան տօն:
Մահ, հաւատք եւ գիտութիւն՝ պիտի ըսէր Զարեան: Միշտ երրորդութիւն: Դարերով փրկիչ Յիսուսը եւ իր խաչը մեզի համար արեւ դարձուցինք: Դարձուցինք նաեւ լոյս եւ միշտ՝ յոյս: Ապա մեր երկիրն ալ վերածեցինք այդ լոյսին մեծ շտեմարանը, որուն ճառագայթներէն կախուած մնաց մեր կեանքը:
Անգամի մը համար փորձեցէք մեր պապերուն երկիրը՝ այդ հայ աշխարհը փորել, պիտի տեսնէք թէ անոր տակէն լոյսն է, որ կը ժայթքէ, նոր կեանքն է, որ կը ծնի:
Մեր երկինքն ու անհունը կանգնած են մեր լեռներու կատարներուն, ըսած են մեր մեծերը: Պարտաւոր ենք հոն տոկալ, վերապրիլ, սիրել կեանքը, հոն ստեղծագործել՝ յանդուգն եւ անպարտելի:
Հոն, այդ հողին մէջ եւ վրայ Աստուծոյ շունչը կայ՝ կրկնակի, կախարդական եւ սուրբ:
Ինչո՞ւ սակայն այս բոլորը, որովհետեւ այս օրերուն Զատիկ է:
Մեր այս ձեւապաշտ իրավիճակէն մենք զմեզ դուրս բերելու համար ձրի հպարտութեան կողքին, միայն հրապոյր եւ հաճոյք պէտք չէ որ փնտռենք, կը թելադրեն շատեր: Որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, այս օրերուն մենք գրեթէ ազգովին եւ ամէն տեղ կորսնցուցած ենք մեր սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումը եւ սկսած ենք հետեւելու դուրսէն ընդօրինակուած գաղափարներուն, ձեւերուն, օտարներուն:
Ահա կեանքին հեգնանքը: Արդեօ՞ք այս մէկը բարդոյթ մը չէ, որ մեզ միշտ կը հալածէ:
Այս վայրկեանին կը զգամ, որ ցեղիս պատգամին թելադրանքէն ծնունդ կ՛առնեն տողերս:
Լաւատեղեակ ենք նաեւ, որ հիմա մեզի համար ամէն ինչ եւ ամէն բան պատմութիւն է, եւ այդ պատմութիւնը կենդանի է: Մեզի հետ կ՛ապրի, կը շնչէ, կը քալէ, կը մտածէ: Մենք ենք զայն ստեղծողը, մենք ենք զայն արժեւորողը:
Այս շաբաթ՝ Աւագ Շաբաթ է: Ինծի համար հոս հոգեկան կայք մը կայ՝ մահուան յաղթանակի տեսլականը:
Արդար է, որ վերագնահատենք մահուան ընբռնումը, անոր երանութիւնը: Բոլորս ալ գիտակից ենք, թէ մահը կը մաշեցնէ նիւթը: Միայն հոգին է, որ կը խուսափի անոր ճիրաններէն: Ահա հոսկէ կը սկսի մարդկային գիտակցութիւնը:
Եւ աւելին. այս օրերուն, գրեթէ ամէն օր մոմ կը վառենք: Հայ ենք. եկեղեցւոյ մէջ մեր Աստուծոյն մենք ջերմօրէն կրկին կը փորձենք հանդիպիլ: Անոր հետ մտերիմ զրուցել կ՛ուզենք: Ըսելիքներ շատ ունինք: Ունինք նաեւ անհամար եւ առաջնահերթ ակնկալութիւններ: Ուստի, կը փորձենք ի խորոց սրտի աղօթել ամէն բանի համար եւ ամէն բանի մասին:
Զատիկ է եւ հրաշքի յաղթանակի օրը:
Պէտք է զգալ անցաւորն ու աստուածայինը եւ ապա՝ մեծնալ:
Հաւատք է պէտք, թէ՛ տոկալու եւ թէ ալ վերապրելու կամք՝ ամէն բանէ աւելի: Խորունկ բան մը կայ այս տօնին մէջ. երկիւղած եմ:
Մենք տառապած մարդիկ ենք, կը մտաբերեմ: Մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է: Մենք նման ենք ջուրին, բնութեան: Մեր ճակատագիրը մեր պատմութիւնն է: Միւս կողմէ սակայն երազ ունեցող մարդիկ ալ ենք:
Լռութեամբ կը կարդամ այս բոլորը: Անոր համար կ՛ուզեմ տեսնել նոր հայը: Իսկ եթէ գտնեմ՝ իմ երազին յաղթած պիտի ըլլամ: Այս բոլորը իմ խոր զգացումով եւ հաւատքով: Ուստի՝ էականը տոկալն է: Չեմ ուզեր տեսնել, թէ անփոխարինելի բան մը փլած է մեր հոգիներուն մէջ, որովհետեւ այդ մէկը մահացու է:
Զատիկը Սուրբ Յարութեան տօնն է:
Կը հաւատանք եւ միշտ ալ հաւատացած ենք մեր ազգի յարութեան: Մեր պայքարի զէնքերը եղած են մեր ոգին եւ ապրելու կամքը, իր առաքելութեան հաւատացող ղեկավարը, մեր գալիքին համար նոր ճամբաներ եւ լոյսեր որոնողը, ժամանակը եւ մեզ նոյնացնող յարատեւ աշխատանքը:
Ժամանակն է անպայմանօրէն թօթուել մեր էութիւնները: Վերագնահատութեան ենթարկել մեր կեանքը, որպէսզի ծնի նոր ժամանակներու նոր հայութիւնը, այն հայութիւնը, որ իր ցեղին աւազանին մէջ մկրտուած էր:
Զատիկ է ըսի եւ ըսին:
Հրամայական է, որ վերանորոգուինք, կրկին ծնինք, մեր պապենական հողէն զատ յաւիտենականութեան չհաւատանք:
Զատիկ է. կը կարծեմ, եկած է ժամանակը, որ ազգովին մեր պատմութիւնը կրկնենք՝ Յարութեան շունչով: