
ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան Սան Ֆենանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Ապրիլ 7ին կայանալիք իր տարեկան անդրանիկ ճաշկերոյթին ընթացքին, իր «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակով պիտի մեծարէ համայնքի երկարամեայ ղեկավաներէն Արմանտ Քէօսեանը: Սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Եունիվըրսըլ Սիթիի «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկի սրահը, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ:
«Հայ Դատի համար գործելը բնական մղում մը եղած է ինծի, եւ այս մրցանակը խոնարհաբար կ՛ընդունիմ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբէն», կը յայտնէ Քէօսեան:
Արմատ Քէօսեան Հայ Դատի ի նպաստ իր գործունէութիւնը սկսած է 1950ականներու սկիզբը՝ անդամակցելով ՀԵԴի Լոս Անճելըսի «Մուսա Տաղ» ուխտին, որմէ ետք ան միացած է ՀՅԴ «Քեռի» ու «Ռոստոմ» կոմիտէութեանց: 1960ականներուն ան եղած է Սրբոց Նահատակաց Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ եւ առաջնորդութեամբ 1964ին հիմնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հայկական առաջին երկրորդական վարժարանը՝ «Ֆերահեան»ը: 1970ականներէն սկսեալ, ան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ՝ 1990ականներուն ստանձնելով նաեւ վարչութեան ատենապետի պաշտօնը:
Համայնքին մէջ ան շարք մը այլ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է նաեւ եւ աննախընթացօրէն, 12 տարիներ շարունակ եղած է Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ: Իր երկարամեայ համայնքային սպասարկութեանց համար, Գարեգին Ա. կաթողիկոս 1984ին Քէօսեանին շնորհած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Ասպետ» շքանշանը։
«Մեր անդրանկ ձեռնարկին ընթացքին շնորհուելիք սոյն մրցանակին համար չենք կարծեր, որ Քէօսեանէն աւելի լաւ թեկնածու մը կայ: Ան իր սեփական ու արհեստավարժ ասպարէզը նուիրած է հայ համայնքին ու ջանք չէ խնայած մեր դատը առաջ մղելու աշխատանքներուն մէջ», կը յայտնէ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Սարգիսեան: