ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Մարտ 21ին, հարիւր հազարաւորներ Տիարպեքիրի մէջ կայացած Նեւրուզի տօնակատարութեանց մասնակցեցան՝ ունկնդրելով ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի պատգամը, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ աննախընթաց էջ մը կը բանար՝ թուրք-քիւրտ հաշտութեան հեռանկարով։ Պատգամը կարդացուեցաւ նախ քրտերէն, ապա՝ թրքերէն լեզուներով։
Օճալան բանաստեղծական թռիչքներով ողջունեց Քիւրտիստանի ու Թուրքիոյ տուժած ժողովուրդները ու յաղթականի ոճով աւետեց զինեալ պայքարի աւարտը՝ պատգամելով, որ այսուհետեւ զէնքերու փոխարէն գաղափարները թող խօսին, որպէսզի բացուի ժողովրդավարական քաղաքականութեան դուռը։
Օճալան կոչ ըրաւ, որ հայերը, թիւրքմէնները, ասորիները, արաբները եւ միւս ժողովուրդները առնուազն քիւրտերուն չափ «հաւասարութեան ու ազատութեան լոյս տեսնեն Նեւրուզի այսօրուան կրակին մէջ»։ «Կեցցէ՛ Նեւրուզը, կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը», գրուած էր Օճալանի պատգամին մէջ՝ ձգելով այն տպաւորութիւնը, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը իր բոլոր ակնկալութիւններուն տիրացած է եւ այժմ կրնայ զարնել խաղաղութեան դռները։
Օճալանի ուղերձը կարծէք այն նոյնն էր, ինչ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛ուզէին։ Բայց շատերու միտքին մէջ հարցումներ կային, հարցումներ, որոնք ո՛չ մէկուն կողմէ կ՛ուղղուէին հրապարակաւ… Ի՞նչ պատահած էր, որ Օճալան հիմա կը խօսէր յաղթանակի մը ու նոր էջ մը բանալու հրամայականին մասին։ Ի՞նչ արդիւնքի վրայ հիմնուելով է, որ իր զինեալ ուժերը Թուրքիայէն դուրս պիտի հանուին։
Նեւրուզի կրակին շուրջ եւ Օճալանի պատգամի լոյսին տակ ստեղծուած խանդավառ տօնակատարութեան ընթացքին Թուրքիոյ դրօշակը չէր երեւեր, եւ այս կէտը նիւթ դարձաւ բանավէճերու։ Վարչապետ Էրտողան, որ Հոլանտա կը գտնուէր, յայտնեց, թէ դրական կը նկատէ Օճալանի պատգամը, կ՛ողջունէ զինեալ պայքարին վերջ տալու կոչը, բայց կարեւորը՝ «պատգամին գործադրութիւնն է»։ Ան քննադատելի գտաւ թրքական դրօշակի բացակայութիւնը, իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամները խորհրդարանին մէջ հարիւրաւոր թրքական դրօշակներ պարզելով՝ դատապարտեցին Տիարպեքիրի հաւաքին ընթացքին թրքական դրօշի բացակայութիւնը:
Հիւսիսային Իրաք ապաստանած քիւրտերու ղեկավար ու Օճալանի տեղակալը նկատուող Մուրատ Քարայալչը Հինգշաբթի գիշեր յայտնեց, թէ Օճալանի կոչը պիտի գործադրուի։
Վերջին օրերու զարգացումները այն տպաւորութիւնը ստեղծեցին, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները այլեւս Օճալանի նկատմամբ տարբեր ոճ որդեգրած են: Ինչպէս իր սիւնակին մէջ դիտել կու տայ յայտնի լրագրող Ճենկիզ Չանտար, այս բոլորէն ետք կարծէք Օճալան ու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ օրինական դարձած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.