ԵՐԵՒԱՆ.– 21 Մարտին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Նարինէ Էսմայէլի հետ՝ քննարկելով 18 Փետրուարի ընտրութիւններուն դիտարկումներուն լոյսին տակ Էսմայէլի հաղորդած ընտրախախտումներուն հիման վրայ յարուցուած գործը: Դեսպանը պիտի շարունակէ մեծ ուշադրութեամբ հետեւիլ Էսմայէլի գործին, ինչպէս նաեւ յետընտրական զարգացումներուն: Ըստ դեսպանատան, արտերկրի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն բարօրութիւնը կը շարունակէ մնալ ամերիկեան կառավարութեան թիւ մէկ գերակայութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.