ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը իր 21 Մարտին նիստին որոշում տուած է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան 53.5 միլիոն դրամ յատկացնելու։ Ասիկա պիտի ծառայէ ձեռագրատան եւ մատենադարանին մէջ պահուող շուրջ 3 հազար հայկական ձեռագիր մատեաններու, աւելի քան 200 հազար հազուագիւտ, հնատիպ գիրքերու, ինչպէս նաեւ 1700ական թուականներէն մինչեւ օրս դիւանական փաստաթուղթերու թուայնացման աշխատանք կատարելու նպատակով հիմնական եւ օժանդակ սարքաւորումներու ձեռքբերման։
Կառավարութիւնը նաեւ որոշած է պահեuտային ֆոնտէն Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան շուրջ 408 միլիոն դրամ յատկացնել՝ Ազգային գրադարանի, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի եւ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի վերանորոգման համար:
Գումարին 800 հազար դրամը պիտի տրամադրուի Հայաստանի Ազգային գրադարանի հակահրդեհային եւ անվտանգութեան համակարգերու կառուցման նախագիծերու պատրաստութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.