ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 Մարտին ներկայ գտնուած է Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Հռոմի նորընտիր պապ Ֆրանսիսի գահակալութեան արարողութեան:
Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է քահանայապետը՝ իր պաշտօնին եւ կաթողիկէ աշխարհի հովուապետի առաքելութիւնը ստանձնելուն առիթով: Սերժ Սարգսեան նշած է, որ աշխարհին մէջ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած առաջին ժողովուրդին՝ հայ ժողովուրդին համար այս իրադարձութիւնն առանձնայատուկ խորհուրդ եւ իմաստ կը բովանդակէ: Նախագահը ուրախութեամբ հաստատած է, որ Սուրբ Պետրոսի նուիրապետական աթոռը գրաւած է հայ ժողովուրդի բարեկամը, որ քաջատեղեակ է մեր մշակոյթին ու պատմութեան. բան մը, որ ան բազմիցս փաստած է Արժանթինի մէջ ծաւալած իր գործունէութեան ընթացքին:
«Նուվել Տ՛Արմէնի»ի համաձայն, պապը զրուցած եւ շնորհաւորանքներ ընդունած է 34 երկիրներու ղեկավարներէն, որոնց կարգին՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանէն: Հռոմի պապի գահակալութեան ներկայ եղած են նաեւ հայ հաւատացեալներ, որոնք Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ բարձրացուցած են Հայաստանի եռագոյնը: «BFM TV» պատկերասփիւռի կայանը ներկայացնելով Հայաստանի նախագահին եւ Հռոմի պապին հանդիպման պատկերները՝ յայտնած է, որ Հայաստան քրիստոնէական արժէքներ կրող կարեւորագոյն երկիրներէն մէկն է, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին պետութիւնն է։
Նշենք, որ պապի գահակալութեան արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին առաջնորդութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.