ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ քայլերու կը ձեռնարկուին, որպէսզի կարելի ըլլայ բերլիթ նիւթէն մեղուափեթակներ պատրաստել: Այդ մասին 11 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտնած է Մեղուաբոյծներու ազգային միաւորման նախագահ Թելման Նազարեանը:
Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ ներկայիս տարեկան 30-40 հազար մեղուափեթակի պահանջք կայ, իսկ բերլիթի օգտագործումը կարելիութիւն կու տայ անտառներուն խնայելու: Բացի ատկէ, բերլիթէն պատրաստուած փեթակները աւելի ամուր են ու աւելի թեթեւ, կարելիութիւն կու տան կենսոլորտային իմաստով աւելի մաքուր արտադրութիւն ստանալու։ Ըստ Թ. Նազարեանի, ներկայիս այս գծով աշխատանքներ կը տարուին «Երեւանի սիլիկատների գործարան»ին կողմէ։
Թ. Նազարեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ ներկայիս կայ 200 հազար մեղուաընտանիք, սակայն խորհրդային տարիներուն անոնց թիւը 300 հազար էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.