ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Մարտ 23ին, առաւօտեան ժամը 10:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 12:30, Հոլիվուտի Հայ երիտասարդական կեդրոնէն ներս (1559 N. Kenmore Street, Hollywood, CA, 90027) տեղի պիտի ունենայ համալսարանական կրթանպաստներու ու վարկերու նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը:
Խորհրդակցական հաւաքին նպատակն է ճշդօրէն կողմնորոշել երկրորդական վարժարաններու ուսանողները, որոնք համալսարանական իրենց ուսումը ամբողջացնելու համար կրնան ստանալ տարբեր տեսակի կրթանպաստներ կամ նիւթական վարկեր:
Մարտ 23ի հաւաքը մաս կը կազմէ «Դէպի համալսարան» խորագիրով հանդիպումներու շարքին:
Ելոյթներ պիտի ունենան շարք մը մասնագէտներ, որոնց շարքին՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) կրթանպաստներու բաժանմունքի վարիչի օգնական Էնտրիա Զունիկան: Անոնք բացատրութիւններ պիտի տան կրթանպաստներու եւ վարկերու դրութեան մասին, ինչպէս նաեւ՝ խրատներ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լաւագոյնս օգտագործել կրթանպաստներու դրութիւնը, ստացուած կրթանպաստները կամ վարկերը:
«Համալսարանական ծախսերը զգալիօրէն աճած են վերջին քանի մը տարիներուն, սակայն իւրաքանչիւր ուսանող պէտք է առիթը ունենայ համալսարան յաճախելու ու պէտք չէ այդ կարելիութենէն զրկուի նիւթական պատճառներով», կը յայտնէ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Վարդի Տեֆթերտէրեան:
Հակառակ կրթաթոշակներու աճին, միջոցներ կան համալսարանական ծախսերը նուազեցնելու. կրթանպաստներու շնորհիւ, կարգ մը ուսանողներ կրնան իրենց ծախսերուն կէսը կամ մինչեւ իսկ բոլորը գոյացնել: Սոյն հաւաքը առիթ մըն է ծանօթանալու բոլոր կարելիութեանց:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի բոլոր ուսանողներուն եւ անոնց ծողներուն, որ ներկայանան հաւաքին, արժէքաւոր տեղեկութիւններ ստանալու համար կրթանպաստներու դրութեան մասին: Մուտքը ազատ է եւ ներկաներուն զովացուցիչներ պիտի հրամցումին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 642-8561 թիւին կամ hollywood@ancawr.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.