
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հնագէտ Բորիս Գասպարեան 18 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է. «Հայաստանի քարանձաւները մշակութային հարուստ ժառանգութիւն են: Դրանք հաշուառման ու պահպանութեան լուրջ անհրաժեշտութիւն են զգում»։ Անոր համաձայն, անոնք զբօսաշրջային կեդրոններ դառնալու լուրջ կարելիութիւններ ունին: «Մենք հարուստ մշակութային ժառանգութիւն ունենք եւ պէտք է համապատասխան ձեւով կարողանանք պահպանել», նշած է հնագէտը:
Քարանձաւագէտներու միութեան նախագահ Սամուէլ Շահինեան իր կարգին դիտել տուած է, որ քարանձաւներուն վիճակը բաւական վատ է: Անոնք ոչ մէկ հսկողութեան ենթակայ են: «Պէտք չէ քարանձաւ միանգամից մեծ քանակութեամբ մարդկանց թողնել: Դա արգելւում է: Ժամանակն է անցնելու քարանձաւների պահպանութեան եւրոպական չափանիշներին», յայտնած է ան։
Հայաստանը արտասահմանէն բաւական լաւ դրամաշնորհներ կը ստանայ՝ քարանձաւներուն մէջ հետազօտութիւններ կատարելու համար, սակայն, Քարանձաւագէտներու միութեան նախագահին համաձայն, ոչ գումարները կան, ոչ ալ հետազօտութիւնները: «Հասկանալի չէ, թէ ուր են գնում այդ գումարները: Լաւ կը լինի, որ գոնէ օրէնքն իրենն այստեղ անի», ըսած է բանախօսը:
«Ինկար» ընկերութեան ներկայացուցիչ Սմբատ Դաւթեան եւս նշած է, որ 2007 թուականին Մագելի քարանձաւը վարձելու եւ զայն զբօսաշրջային նպատակներով օգտագործելու համար դիմած են մշակոյթի նախարարութեան, որ թէեւ դրական պատասխան տուած է, սակայն այդ գծով ոչ մէկ համաձայնագիր կնքուած է։ «Մեր պահանջն է, որ թողնեն մեզ աշխատենք, մեր գործն անենք եւ խոչընդոտ չհանդիսանան», յայտնած է Դաւթեանը:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ ամէնէն նշանաւոր քարանձաւներէն են Վայոց ձորի մարզի Մոզրովի, Մագիլի, Արջերի, Թռչնի, Տաւուշի մարզի՝ Կանաչ, Լոռիի՝ Գետնազաղա, Կոտայքի՝ Դաւրիժեցիի քարանձաւները: Բացառիկ են Եօթ դռանի Զաղա դռնաւոր քարանձաւը, Բխոյի գեղի քարանձաւը, Ղաարի Զաղա քարանձաւը եւ միւսները, որոնք բոլորն ալ հոգածութեան ու պահպանութեան կարիք ունին: