ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Սուրիական հակամարտութեան պատճառով իրենց բնակարաններէն զրկուած սուրիահայեր բնակութիւն հաստատած են նաեւ Արցախի ազատագրուած տարածքներուն մէջ, մասնաւորաբար՝ Քաշաթաղի, եւ տուեալ ընտանիքներուն զաւակները կը յաճախեն շրջանի դպրոցները:
Այս շրջանին մէջ տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ հանրակրթական դպրոցներուն թիւը, որովհետեւ աշակերտներուն թիւը մնայուն բարձրացման մէջ է։ Եթէ նախորդ ուսումնական տարուան ընթացքին այս շրջանին մէջ դպրոց յաճախած է 1600 աշակերտ, 2012-13 ուսումնական տարեշրջանին անոնց թիւը շրջանցած է 1700ի սահմանը: Այս աշակերտներուն կարգին են նաեւ սուրիահայ դպրոցականները։
2012ին շահագործման յանձնուած ուսումնական հաստատութիւններէն է նաեւ Բազմատուսի կրթօճախը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.