ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Զանազան լրատուամիջոցներ Մարտ 7-8ին անդրադարձան Արթուր Փինաճեանի (1914-1999) ստեղծագործութիւնները արկածով մը բացայայտած Թամըս Շուլցի եւ Լերի Ճոզէֆի պատմութեան: Արդարեւ, անոնք Փինաճեանի Լոնկ Պիչի (Նիւ Եորք) բնակարանը 2007ին գնած էին 300,000 տոլարով ու հոն գտած հազարաւոր նկարներ: Դիմելով արուեստի մասնագէտներու՝ անոնք ստացած են անակնկալ լուրը, թէ գործերը կրնան մինչեւ 30 միլիոն տոլար արժել: Անոնք այդ թուականէն ի վեր արդէն իսկ ծախած են գործերուն մէկ մասը, որոնցմէ քանի մը հատը՝ մինչեւ կէս միլիոն տոլարով:
Գեղարուեստի մասնագէտներու խմբակ մը նաեւ Փինաճեանի կեանքն ու գործերը ուսումնասիրած է, եւ իբրեւ արդիւնք՝ լոյս տեսած է «Փինաճեան. Վերացականութեան բացայայտուած վարպետը» հատորը:
Յայտնենք, թէ Փինաճեանի ստեղծագործութիւնները 2010էն ի վեր տարբեր առիթներով ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ներառեալ՝ Պըրպենքի «Զօրայեան» թանգարանի ու Լա Քրեսենթայի «Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահին մէջ: Ցուցահանդէսներուն վերջինը տեղի ունեցաւ Փետրուար 13էն Մարտ 10ի միջեւ, Նու Եորքի «Ֆուլըր» շէնքին մէջ գտնուող «Էնթիքուորում» ցուցադրասրահին մէջ:
Փինաճեան իր կեանքի ընթացքին ծախու չէր հանած իր գործերը եւ խնդրած էր, որ անոնք փճացուին իր մահէն ետք, սակայն անոր այդ փափաքը չէր իրականացուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.