
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Այսօր չէի կարող չլինել «Ազատութեան» հրապարակում՝ այն վայրում, որտեղ որոշւում է հայ ժողովրդի ճակատագիրը», Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հանրահաւաքէն ետք «Փանորամա»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Ազատութեան» հրապարակին վրայ գտնուելու հանգամանքին մասին խօսելով յայտնած է Դաշնակցական նախկին պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչպէս կը նշէ Կիներու միջազգային օրը՝ ան յայտնած է, որ կը նշէ «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ՝ իր ժողովուրդին հետ:
«Մարտի 8ը ոչ միայն ծաղիկների ու նուէրների տօն է, այլ նաեւ կին լինելու արժանապատուութեան, սեփական երեխաներին ազատ եւ արդար երկրում դաստիարակելու հնարաւորութեան օր», յայտնած է Գալստեան։
Արձագանգելով ներքաղաքական զարգացումներուն վերաբերող հարցումի մը՝ ՀՅԴ ներկայացուցիչը նշած է, թէ «աներկբայ է, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը յաղթել է նախագահական ընտրութիւններում»: Ան յիշեցուցած է, որ պաշտօնական տուեալներով՝ Ր. Յովհաննէսեան հաւաքած է 37 տոկոս, ապա աւելցուցած է, որ համատարած կեղծարարութեան պայմաններուն մէջ կարելի չէ հաւատալ պաշտօնական տուեալներուն: Ան նշած է, որ խոհեմ իշխանութիւնները ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ելք գտնելու համար կը փորձէին լսել ժողովուրդին ձայնը:
Անդրադառնալով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընդդիմութեան միասնական ցանկով հանդէս գալու կարելիութեան՝ Լ. Գալստեանը դիտել տուած է, որ անձամբ կ՛ողջունէ, եթէ դէպքերը այդպիսի զարգացում ունենան։ Հայաստանի բնակչութեան 70 տոկոսը կը բնակի Երեւանի մէջ, հետեւաբար, ըստ անոր, շատ դրական պիտի ըլլայ համակարգային փոփոխութիւնները սկսիլ Երեւանէն: