
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ միջոցառում մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ: Ըստ անոր՝ արդէն աւանդական դարձած միջոցառումը կը կազմակերպուի քաղաքի հայերու եւ թուրքերու համատեղ ջանքերով:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի միջոցառման մասնակցած էին նաեւ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինքը, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխաններ, այլախոհ լրագրողներ ու մտաւորականներ, որոնց շարքին էին Օրալ Չալըշլարը, Ուֆուք Ուրասը, փրոֆ. Պասքըն Օրանը, ինչպէս նաեւ թրքական բանակին մէջ Ապրիլի 24ին սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճըի ընտանիքի անդամները: Նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով, անցեալ տարի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառման ընթացքին կոչով մը հանդէս եկան հայ համայնքի ներկայացուցիչներ՝ իբրեւ խոր-հրդանիշ ընտրելով նուռը: Կտրուած նռան վրայ գրուած էր. «Ժամանակը չի բուժեր որոշ վէրքեր. 1915, Ապրիլ 24»: