ԵՐԵՒԱՆ.– Ըստ «2013ի Զբօսաշրջութեան մրցունակութեան զեկոյց»ին, Հայաստան զբօսաշրջութեան մրցունակութեամբ 140 երկիրներու կարգին 79րդ դիրքը կը գրաւէ: 2011ի տուեալներուն հետ բաղդատելով՝ Հայաստան 11 դիրքով յառաջդիմած է: Հայաստան հինգերորդ անգամ է, որ կը ներգրաւուի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին կողմէ հրատարակուող Զբօսաշրջութեան մրցունակութեան զեկոյցին մէջ: Զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ աշխարհի ամէնէն մրցունակ երկիրներու ցանկը կը գլխաւորեն Զուիցերիան, Գերմանիան եւ Աւստրիան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.