Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄի »«Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, Կիրակի, 3 Մարտին, կէսօրէն ետք ժամը 5ին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխական երգերու երեկոյ՝ մեկնաբանութեամբ ազատամարտիկ-երգիչ Մակիչի (Մկրտիչ Մկրտիչեան):
Բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Թազեան, որ ընդգծեց, թէ արցախեան պահանջատիրութեամբ մեր ժողովուրդը աշխարհին փաստեց իր ներկայութիւնը եւ տէր կանգնեցաւ իր պատմութեան, ինչպէս նաեւ աւելի քան 6000 նահատակներ տալով յաջողեցաւ ստեղծել անկախ հանրապետութիւն: Ապա ան ողջունելով օրուան երգիչը աւելցուց, որ Մակիչի ներկայութիւնը մեզի կու գայ անգամ մը եւս փոխանցելու հայու պայքարող ոգին ու աննկուն կամքը:
Եւ վերջապէս, ամփոփ կենսագրականի մը ներկայացումէն ետք, Նարէ Թազեան բեմ հրաւիրեց յեղափոխական երգերու մեկնաբան Մակիչը:
Մակիչ իր լեռնցիի անսպառ ձայնով ամբողջ մէկ ժամ կախարդեց ժողովուրդը եւ զայն փոխադրեց դէպի Արցախ եւ Մուսայ լեռ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.