
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Փետրուար 10ին, ՀԵԴ Պըրպենքի «Վարագ» ուխտին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան ի նպաստ քայլարշաւ մը՝ սկսելով Կլենտէյլի «Պրենտ» զբօսայգիէն ու հասնելով մինչեւ Պըրպենքի Երիտասարդաց կեդրոն, որ մօտաւորապէս 3.5 մղոն հեռու է:
Քայլարշաւին նպատակն էր ուշադրութիւն կեդրոնացնել սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ դրամահաւաք կատարել ի նպաստ սուրիահայերուն օժանդակութիւններ հասցնելու նպատակով գործող Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինին: Քայլարշաւին ընթացքին ՀԵԴի անդամներ տեղեկութիւններ փոխանցեցին անցորդներուն եւ ճամբուն վրայ գտնուող խանութներուն՝ սուրիական տագնապին ու սուրիահայութեան վիճակին մասին: Պըրպենքի Երիտասարդաց կեդրոնին մէջ, Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի անդամ Մհեր Դաւիթեան ելոյթ մը ունեցաւ քայլարշաւի մասնակիցներուն առջեւ՝ դրուատելով անոնց նուիրումը: Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.syrianarmenianrelieffund.org կայքը: