ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, յառաջիկայ Կիրակի, Փետրուար 24ին, թեմի եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գահակալներէն՝ երանաշնորհ Զարեհ Ա. Սքանչելի հայրապետի վախճանման 50րդ եւ Խորէն Ա. Շինարար հայրապետի վախճանման 30րդ տարելիցներուն առիթով։
Նոյն օրը եւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան խնդրանքով, եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան աղօթք պիտի բարձրացուի բարեսիրական այս միութեան ննջեցեալ ծառայողներու հոգիներուն համար։
ՀԱԿԻՐՃ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ
ՎԵՀԱՓԱՌՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Զարեհ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գահակալն էր 1956էն մինչեւ 1963։ Ծնած էր 1915ին, Մարաշ։ Գարեգին Յովսէփեանց հայրապետի վախճանումէն ետք (1952), օրուան քաղաքական պայմաններուն բերումով, նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը քանիս յետաձգուեցաւ։ 1956ին, Ազգային պատգամաւորական ժողովը Մեծի Տանն Կիլկիկիոյ նոր հայրապետ ընտրեց Բերիոյ թեմին երիտասարդ, սրբակենցաղ եւ անձնազոհ առաջնորդը՝ Զարեհ սրբազանը, որ դժուար ու ծանր պայմաններու մէջ ստանձնեց կաթողիկոսական իր պաշտօնը եւ առինքնող անհատականութեամբ, վեհաշուք նկարագիրի սրբութեամբ, անընկճելի կամքով եւ պարտադրող բարութեամբ, ձեռնհաս իմաստութեամբ հազիւ եօթը արդիւնաշատ տարիներ գահակալեց, յաղթահարելով ներքին եւ արտաքին ամէն տեսակի տագնապ, դժուարութիւն ու արգելք, մինչեւ անժամանակ իր վախճանումը, 18 Փետրուար 1963ին։ Զարեհ վեհափառը իր կարճատեւ գահակալութեան տարիները արդիւնաւորեց մեծ իրագործումներով, որոնց շարքին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ընդառաջելով սփիւռքահայ զանազան գաղութներու՝ Իրանի, Յունաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու խնդրագիրներուն՝ 1957-58 տարիներուն իր հոգեւոր հոգածութեան ներքեւ առաւ զանոնք։ Երանաշնորհ վեհափառը յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերեց Դպրեվանքին եւ անոր ուսանողութեան, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսութիւնը սերտ կապի մէջ դրաւ Միջին Արեւելքի ու աշխարհի քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու հետ։
Խորէն Ա. կաթողիկոսը գահակալեց 1963էն մինչեւ 1983։ Ծնած էր Կիպրոս, 1914ին։ Խորէն սրբազան, Զարեհ վեհափառի պաշտօնավարութեան 7 դժուար տարիներուն, երբ Լիբանանի թեմի առաջնորդն էր, եղաւ անոր կողքին։ 1963ին գումարուած Ազգային պատգամաւորական ժողովը, Խորէն արքեպիոսկոպոսը ընտրեց կաթողիկոս։ Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետը ճանչցուեցաւ իբրեւ շինարար կաթողիկոս։ Իր գահակալութեան շրջանին էր, որ կաթողիկոսարանը օժտուեցաւ նոր եւ արդիական Վեհարանով, Մատենադարանը ընդարձակուեցաւ եւ նոր գիրքերով ճոխացաւ, կաթողիկոսարանի տպարանը օժտուեցաւ նոր կառոյցով եւ արդիական սարքերով, կառուցուեցաւ Եպիսկոպոսարանը, նոր հողաշերտերու գնումով ընդարձակուեցան կաթողիկոսարանի կալուածները, կառուցուեցան Սեղանատան նոր շէնքը եւ Զարեհեան դամբարանը, իսկ կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս՝ Ազգ. Մարտիկեան վարժարանը։ Այդ շրջանին էր որ իրականացաւ Խորէնաշէն՝ ժողովրդային բնակարանները (Ֆանար), հաստատուեցան կրթական ֆոնտերու եւ մրցանակներ, նաեւ ծաւալ ստացան մեր նուիրապետական Աթոռներուն միջեւ յարաբերութիւնները։ Խորէն Ա. վեհափառի օրով, նոր թափ ու ծաւալ ստացաւ նաեւ Հայ Դատի հետապնդումն ու մեր եկեղեցին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ այդ աշխատանքին մէջ։ Առողջական պայմաններու բերումով, վեհափառը 1977ին իբրեւ աթոռակից կաթողիկոս ունեցաւ երանաշնորհ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը որ, ինչպէս ծանօթ է, աւելի ուշ ընտրուեցաւ Ս. Էջմածնայ Ս. աթոռի գահակալ։
–Զարեհ Փայասլեան (1956-1963)
–Խորէն Ա. Բարոյեան (1963-1983)