ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանէն 2012ին արտածուած է մօտ 61 հազար գլուխ ոչխար, նախորդ տարուան 115 հազարի փոխարէն։ Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի կառավարութեանն առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէն:
Մէկ ոչխարը 2012ին արտածուած է 140 տոլար մաքսային արժէքով, ինչ որ 2011ին 105 տոլար էր: Այսպիսով՝ արտածուող ոչխարներուն ընդհանուր մաքսային արժէքը 2012ին կազմած է 8.5 միլիոն տոլար, իսկ 2011ին անիկա 12 միլիոն տոլար էր։
Ոչխարները հիմնականին մէջ կ՛արտածուին Իրան, թէեւ իրանական ազգային արժոյթի՝ ռիալի գրեթէ 4անգամեայ արժեզրկման պատճառով իրանցի գործարարները կը խուսափին ոչխարներ ներածելէ: Աւելին՝ 2012 թուականի առաջին ամիսներուն ոչխարի արտածումը գրեթէ դադրած էր դէպի Իրան, միայն վերջին եռամսեակին անիկա կրկին թափ առաւ: Հայաստանէն ոչխար կ՛արտածուի նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, սակայն ոչ մեծ քանակներով:
Ոչխարներու արտածման թիւի անկման պատճառով ոչխարի միսի գինը երեւանեան շուկաներուն մէջ կայունացած է՝ քիլոկրամը մինչեւ 2000 դրամ, նախորդ տարիներու 4000 դրամի համեմատ:
Նշենք, որ ոչխարներու զանգուածային արտածումը դէպի Իրան սկսած է 2009էն՝ հասնելով տարեկան մօտ 140 հազարի։ Սկզբնական շրջանին մտավախութիւն կար, որ զանգուածային արտածման պատճառով ոչխարներու գլխաքանակը Հայաստանի մէջ կտրուկ կը նուազի, սակայն նման բան տեղի չունեցաւ՝ ոչխարներու գլխաքանակը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, վերջին տարիներուն կայուն կերպով գերազանցած է 500 հազարը, իսկ 2012ին նոյնիսկ մօտեցած է 600 հազարի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.