ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Ծերակոյտին առջեւ տրուած վկայութեան մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լիան Փընեթա եւ սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմսի Հինգշաբթի, Փետրուար 7ին ընդունեցին, թէ իրենք համաձայն գտնուած են Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու կապակցութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան ու «Սի.Այ.Էյ.»ի առաջարկին, սակայն Սպիտակ տունը դէմ դրած է, որովհետեւ մտահոգ եղած է, թէ զէնքերը կրնան «սխալ ձեռքեր»ու հասնիլ՝ ակնարկելով Սուրիոյ իշխանութեան դէմ կռուող իսլամ ծայրայեղականներուն:
Միւս կողմէ, մինչ Սուրիոյ բանակին ու ընդդիմութեան միջեւ զինեալ բախումները կը շարունակուէին՝ կեդրոնանալով յատկապէս Դամասկոսէն դէպի հիւսիսային Սուրիա տանող գլխաւոր ճամբուն մօտերը, Սուրիոյ փոխվարչապետ Քատրի Ճումայէլ Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան համար իբրեւ կառավարութեան ներկայացուցիչ Ֆարուք Շարաաը ճշդելու ընդդիմութեան ղեկավար Մոազ Խաթիպի քայլը՝ կրնայ արգելակիչ ազդակ մը ըլլալ: Ճումայէլ նաեւ նշեց, որ Խաթիպ ընդդիմութեան մէկ բաղադրիչ տարրն է, սակայն արտաքին ուժեր զայն կը ներկայացնեն իբրեւ ամբողջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչը:
Այս յայտարարութիւնը հաստատելով՝ Սուրիական ազգային խորհուրդի նախագահ Ճորճ Սապրան յայտնեց, թէ Դամասկոսի հետ երկխօսութեան նստելու Խաթիպի նախաձեռնութիւնը կը հակասէ Ազգային համաձայնական մարմինի սկզբունքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.