ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ըստ ամերիկեան կառավարութեան մէկ զեկուցումին՝ Թուրքմէնիստանէն գնուած եւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ապահովական ուժերուն կողմէ օգտագործուած քարիւղը նաեւ իրանեան էր: Զեկուցումը անհերքելի փաստեր չի ներկայացներ, սակայն Թուրքմէնիստանը կ՛ամբաստանէ այդ քարիւղը Իրանէն ամերիկեան ուժերուն հասցնելու յանցանքով, ինչ որ ոտնակոխում մըն է Իրանի հետ առեւտուրը սահմանափակող պատժամիջոցներուն: Փենթակոն անցեալ տարի քարիւղի մատակարարման համար Աշխապատին աւելի քան 800 միլիոն տոլար վճարեց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.