ԹՈՒՆՈՒԶ, «Ռոյթըրզ».- Թունուզի մէջ ընդդիմադիր ղեկավարներէն Շուքրի Պելիտ մայրաքաղաք Թունուզի իր տան առջեւ ահաբեկուեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 6ին, պատճառելով բողոքի ալիք մը եւ խռովութիւններ, որոնք շարունակուեցան նաեւ Հինգշաբթի օր: Զայրացած ցուցարարներ տարբեր քաղաքներու մէջ յարձակում գործեցին Թունուզի իշխող իսլամական «Նահտա» կուսակցութեան կեդրոնատեղիներուն վրայ եւ բախումներ տեղի ունեցան ոստիկաններու ու ցուցարարներու միջեւ:
Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ:
Աշխարհիկ քաղաքական գործիչ Պելիտ, իսլամական «Նահտա» կուսակցութեան ղեկավարութեամբ՝ կառավարութեան ականաւոր ընդդիմադիր մըն էր:
Հինգշաբթի օր, վարչապետը առաջարկեց լուծել կառավարութիւնը եւ «ահաբեկչական արարք»ին ստեղծած տագնապը լուծելու նպատակով՝ ազգային համերաշխութեան կառավարութիւն մը կազմել, սակայն իսլամական կուսակցութիւնը մերժեց այդ առաջարկը:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարեց, որ «սպանութիւնը Թունուզէն խլած է իր ամէնէն քաջարի եւ ազատ ձայներէն մէկը»:
Թունուզի նախագահ Մունսեֆ Մարզուքի դատապարտեց Պելիտի սպանութիւնը եւ Ֆրանսա իր այցելութիւնը ընդհատելով՝ վերադարձաւ երկիր, խոստանալով ձախողութեան մատնել «Թունուզի խաղաղ յեղափոխութեան բազմաթիւ թշնամիներու» ջանքերը:
Պելիտի Ժողովրդային ճակատ կուսակցութիւնը յայտարարեց, թէ կառավարութիւնն ու իշխանութեան բոլոր թեւերը պատասխանատու են Պելիտի սպանութեան եւ պահանջեց կառավարութեան հրաժարականը:
Սակայն «Նահտա» կուսակցութիւնը հերքեց, թէ ինք որեւէ կապ ունի Պելիտի սպանութեան հետ՝ աւելցնելով. «Թունուզ յեղափոխութենէն ի վեր իր մեծագոյն տագնապէն կ՛անցնի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.