
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Փետրուար 9ին, առաւօտեան ժամը 11ին, «Չարթըր» ընկերութեան Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին առջեւ պիտի կայանայ բողոքի երրորդ ցոյցը՝ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին սփռումը կասեցնելու մասին ընկերութեան կամայական որոշումին դէմ։ Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք, ընկերութիւնը որոշած է կայանին սփռումները կասեցնել Փետրուար 19ին։
«Փրկենք Հորիզոնը» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը Փետրուար 1ին եւ 2ին նման ցոյցեր իրականացուց. նախաձեռնութենէն պատուիրակութիւն մը տեսակցութիւն ունեցաւ ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք բաւարար բացատրութիւն չէին կրցած տալ ընկերութեան կամայական որոշումին մասին:
Սփռումները կասեցնելու որոշումը տրուած էր հակառակ այն իրողութեան, որ «Հորիզոն» իր սփռումները 2013ին եւս շարունակելու շուրջ պայմանագիր կնքած էր «Չարթըր» ընկերութեան հետ: Ընկերութեան պաշտօնեաները սխալ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն «Հորիզոն»ի սփռումները կասեցնելու որոշումին դէմ իրենց բողոքող յաճախորդներուն, երբ կ՛ըսեն, թէ «Հորիզոն»ի պատասխանատուները չեն ստորագրած իրենց սփռումները երկարաձգելու պայմանագիրը՝ փորձելով մոլորութեան մատնել իրենց յաճախորդները։
Հայ համայնքը կը կազմէ Կլենտէյլի եւ Լա Քրեսենթայի բնակչութեան աւելի քան 40, իսկ Պըրպենքի 35 տոկոսը, ուր «Չարթըր» ընկերութիւնը կը սփռէ «Հորիզոն»ի հաղորդումները։
1989ին հաստատուած «Հորիզոն»ը դարձաւ 1999ին հայկական առաջին կայանը, որ «Չարթըր»ի կողմէ սկսաւ սփռուելու՝ 24 ժամեայ յայտագիրով:
Ցոյցին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
SaveHorizon@horizonarmeniantv.com հասցէին:
«Չարթըր» ընկերութեան Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին հասցէն է՝ 6246 San Fernando Road: