ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».– «Մետիամաքս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահուերդեան յայտնած է, որ կը շարունակուին Արցախի Հարաւային զբօսաշրջային երթուղիի գործարկման աշխատանքները:
Անոր համաձայն, վերջին տարիներուն Արցախի մէջ աւելցած են նոր զբօսավայրերը՝ Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանը, Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը, ազգագրական թաղամասը՝ Ծաղկաշատ գիւղին մէջ:
Այս տարի իբրեւ նոր զբօսավայր պիտի ներկայացուի Արցախի 2000 տարեկան Տնջրի ծառը, որուն տարածքին կը շարունակուին բարեկարգման աշխատանքները:
Մօտիկ ապագային զբօսաշրջիկներուն պիտի ներկայացուի նաեւ Տող գիւղին մէջ գտնուող «Մելիքական ապարանքներ» պատմամշակութային արգելոցը:
«Իւրաքանչիւր տարի փորձում ենք զբօսաշրջիկին այցելութեան նոր վայր առաջարկել, որպէսզի երկարի նրա այցը Արցախ: Եթէ 4 տարի առաջ Արցախ այցելող զբօսաշրջիկի այցի միջին տեւողութիւնը 2.5 օր էր կազմում, ապա այժմ այն տեւում է 4 եւ աւելի գիշեր: Նուազագոյն հաշուարկներով, անցած տարի Ղարաբաղ այցելած զբօսաշրջիկները շուրջ 6 միլիոն տոլարի ներդրում են ունեցել մեր տնտեսութեան մէջ», յայտնած է Սերգէյ Շահուերդեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.