
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Սիլվա Իւզպաշեանը «Սուրիոյ օգնութեան խա»չի Շրջանային վարչութեան անդամներէն է: Քանի մը ամիս առաջ Երեւան տեղափոխուած է Հալէպէն եւ ՀՕՄի կամաւորներուն միացած է։ Անոր համաձայն, իրենք կամաւոր աշխատանք կը տանէին նաեւ Հալէպի մէջ, պարզապէս հոս աշխատանքի բնոյթը փոխուած է:
Անոնք կը ցանկագրեն հայրենիքի մէջ գտնուող կարիքաւոր սուրիահայերը եւ օգնութիւն կը բաժնեն անոնց: Այս շաբաթուան ընթացքին արդէն ցանկագրուած են աւելի քան 500 սուրիահայեր: Այս անգամ պարէնամթերքը տրամադրած է «Հայկական քրիստոնէական բժշկական ասոցիացիան»: Յառաջիկային օգնութիւն պիտի առաքուի նաեւ Արցախի մէջ ապրող սուրիահայ 50 ընտանիքի:
«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի համակարգող Խաչիկ Ճոզիկեանը այս հանգրուանին հիմնական կը նկատէ սուրիահայերու յատուկ բնակարաշինութեան ծրագիրը: Հալէպի մէջ վիճակը չի կայունանար, եւ օրէ օր կ՛աւելնայ հայրենիք տեղափոխուող սուրիահայերուն թիւը, իսկ անոնց համար կը շարունակէ առաջնահերթ մնալ կեցութեան խնդիրը: