
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ հայերու դէմ իրականացուած ջարդերուն մասին պատմող հեղինակ Աքրամ Այլիսլիի «Քարէ երազներ» գիրքը կը շարունակէ բուռն քննարկման առարկայ մնալ: Չորեքշաբթի, Փետրուար 6ին, Ատրպէյճանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան (ԳԱԱ) հետաքննութիւն սկսած է գիրքի հրատարակման առնչութեամբ:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ ԳԱԱ նախագահ Մահմուտ Քերիմով ըսած է. «Այս ստեղծագործութեան մէջ շատ սխալներ եւ իրականութեան չհամապատասխանող փաստեր կան: Մեր նպատակն է գիտական մակարդակով գրուած սխալները մերկացնել»:
ԳԱԱ նախագահը գիրքը նկատած է միակողմանի գրուած ստեղծագործութիւն, ուր հեղինակը արտայայտած է իր անձնական դիրքորոշումը՝ պատմական փաստերու առնչութեամբ: «Գիրքին մէջ ատրպէյճանցիները կը ներկայացուին իբրեւ կործանիչ ուժ, իսկ հայ ազգը՝ ընդհակառակը՝ որպէս արարիչ ուժ: Այս մէկը կը ստորացնէ ատրպէյճանցի ժողովուրդը: Մենք չենք կրնար ընդունիլ այդ մէկը», աւելցուցած է ան:
Գիրքը կը պատմէ 20րդ դարու սկզբը եւ անոր վերջաւորութեան տեղի ունեցած հայ խաղաղ բնակիչներու դէմ ատրպէյճանցիներու իրագործած գազանութիւններն ու սպանութիւնները:
Վէպին մէջ կայ հատուած մը, ուր կը նշուի, թէ Սումկայիթի ջարդերը կրնան կազմակերպուած ըլլալ Ատրպէյճանի նախկին նախագահին կողմէ՝ նպատակ ունենալով վնաս հասցնել Կորպաչովին:
Պաքուի մէջ «Քարէ երազներ»ու հեղինակին դէմ շարք մը բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան, իշխանութեան նախաձեռնութեամբ, իսկ հեղինակը ու անոր ընտանիքը սպառնալիքներու ենթակայ են: Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իսկ առաջարկ կատարուած է խլելու Այլիսլիի քաղաքացիութիւնը եւ զայն վտարելու Ատրպէյճանէն: