ՈՒԱՇԻՆԿԹԿԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Փետրուար 1ին հաղորդեց, թէ անգործութեան համեմատութիւնը Յունուար ամսուան ընթացքին 7.9 տոկոսի բարձրացած է՝ նախորդ ամսուան 7.8 տոկոսին փոխարէն, մինչ տնտեսութիւնը գոյացուցած է 157,000 նոր աշխատատեղիներ: Միաժամանակ, նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ անցեալ տարուան տուեալներուն վերանայումը ցոյց տուած է, թէ կացութիւնը նախապէս կարծուածէն աւելի լաւ եղած է: Արդարեւ, ըստ նորագոյն տուեալներու՝ անցեալ տարուան ընթացքին տնտեսութիւնը ամսական միջին հաշիւով 181,000 աշխատատեղի կրցած է գոյացնել՝ նախապէս կարծուած 153,000ին փոխարէն: Անցեալ տարուան ընթացքին 247,000 աշխատատեղի գոյացած է (նախապէս հաղորդուած էր 161,000), իսկ Դեկտեմբերին՝ 196,000 (նախապէս հաղորդուած էր 155,000):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.