Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ստամոքսը մարմինի միւս օրկաններուն նման կրնայ ախտահարուիլ: Ստամոքսի յաճախակի հիւանդութիւններն են՝
1. Ստամոքսա-որկորային յետահոսք (gastro-esophageal reflux)
Որկորը կը միանայ ստամոքսին նեղանցքով մը, որ արգելք կը հանդիսանայ ստամոքսի պարունակութեան յետահոսքին դէպի որկոր: Ստամոքսա-որկորային նեղանցքի թուլացումով, ստամոքսի թթու հեղուկը կրնայ յետ հոսիլ դէպի որկոր եւ յառաջացնել որկորաբորբ (esophagitis), որ կը յատկանշուի այրուածքի զգացողութեամբ:
2. Helicobacter pylori-HBP բորբոքում
Ստամոքսի այս բորբոքումը հետեւանք է ստամոքսին մէջ HBP մանրէի յայտնութեան: Ան կը յառաջացնէ ոչ միայն բորբոքում, այլեւ ստամոքսի խոց (ulcer) եւ խլիրդ:
HBP բորբոքումը կրնայ աննշան ըլլալ, առանց որեւէ ախտանշանի, կամ ալ՝ զանազան ախտանշաններով: Յատկանշական ախտանշաններ են դժուարամարսութիւն, մարսողութեան խանգարում (dyspepsia) եւ փորի ցաւ: Այս բորբոքումի ախտաճանաչումը կ՛ըլլայ ստամոքսի մակերեսէն պզտիկ կտոր մը վերցնելով եւ ախտաբանական քննութիւն կատարելով:
Ախտաճանաչումը կատարուելէ ետք, դարմանումը դիւրին եւ վերջնական կրնայ ըլլալ՝ գործածելով յատուկ մանրէական դեղեր:
HBP մանրէն կ՛ապրի՛ կղկղանքի, լորձունքի եւ մէզի մէջ: Հետեւաբար, այս բորբոքումը դիւրաւ կը փոխանցուի բերանէ-բերան հպումով, համբուրելով եւ կղկղանքի վարակումով:
3. Ստամոքսաբորբ (gastritis)
Ասիկա ստամոքսի ընդհանուր մակերեսի բորբոքումն է, որ կը յառաջանայ HBP մանրէով, կարգ մը դեղերու եւ ալքոհոլի գործածութենէն, ինչպէս նաեւ՝ ընկճուածութենէն: Անոր ախտանշաններն են դժուարամարսութիւն եւ մարսողութեան խանգարում, փորի ցաւ եւ ստամոքսային արիւնահոսութիւն:
Բորբոքումը կրնայ ըլլալ սուր կամ մնայուն-երկարատեւ, քերծուածային (erosive) կամ ոչ-քերծուածային (nonerosive): Քերծուածային բորբոքումի պարագային, ստամոքսի մակերեսը կը վնասուի եւ կը յառաջանան խոցեր, որոնք ընդհանրապէս արիւնահոսութիւն կը պաճտառեն: Ոչ-քերծուածային ստամոքսաբորբը կ՛ըլլայ մակերեսային կամ խորունկ:
Ստամոքսի բորբոքումէն ետք ստամոքսի գեղձերը կը հիւծին (atrophy): Ասիկա պատճառ կը դառնայ ստամոքսին մէջ թթուի եւ pepsin խմորիչի արտադրութեան նուազումին:
Ստամոքսաբորբի ախտաճանաչումը կը կատարուի ստամոքսադիտակով (gastroscopy) եւ ստամոքսի լորձնաթաղանթէն պզտիկ կտոր մը վերցնելով: Իսկ անոր վերջնական դարմանումը կը կատարուի բուն ախտապատճառը դարմանելով:
4. Ստամոքսի Խոց-Peptic ulcer
Ասիկա ստամոքսի խոցաւորումն է (ulceration), որ կը յառաջանայ HBP բորբոքումէն կամ կարգ մը դեղերու գործածութենէն: Ստամոքսի ամէնէն յաճախակի հիւանդութիւնն է այս մէկը: Ստամոքսի խոցը կրնայ ըլլալ պզտիկ կամ մեծ՝ քանի մը միլլիմեթրէն մինչեւ քանի մը ս.մեթր մեծութեամբ, նաեւ խորունկ կամ մակերեսային: Խորունկ խոցը պատճառ կը դառնայ ստամոքսի ծակման, մեծածաւալ արիւնահոսութեան ու ուժեղ փորի ցաւի:
Ստամոքսի խոցը կը պատահի որեւէ տարիքի եւ նոյնիսկ անչափահասներու մօտ, սակայն առաւելաբար՝ միջին տարիքի անձանց հետ: Ծխախոտ գործածողները աւելի հակամէտ են ստամոքսի խոց ունենալու: Անոր զարգացումը շատ դանդաղ է եւ կը տեւէ քանի մը տարի: Հետեւաբար, այս հիւանդութիւնը երկարատեւ-մնայուն հիւանդութիւն մըն է: Շատ խոցեր կը վերանորոգուին դարմանումէ ետք նոյնիսկ:
Ստամոքսի խոցաւորման ախտանշաններ են ստամոքսի այրուածքի զգացում, որ կը մեղմանայ ուտելով, նաեւ ստամոքսի ցաւ եւ արիւնահոսութիւն, որ կը յայտնուի թարմ-կարմիր արիւնափսխունքով կամ սեւ կղկղանքով:
Անոր ախտաճանաչումը դիւրաւ կը կատարուի ստամոքսադիտակով եւ քննելով ստամոքսային հեղուկը՝ HBP մանրէի գոյութիւնը փաստելու համար: Յաճախ մակնիսարձակ նկարահանումը (MRI) եւ համակարգչային նկարահանումը (CT Scan) պարտադիր կ՛ըլլան:
Ստամոքսի խոցը կը դարմանուի դեղերով՝ նուազեցնելու համար ստամոքսի թթուին ներգործութիւնը, նաեւ ախտապատճառ դեղերէ հեռու մնալով եւ HBP բորբոքումի չէզոքացումով, ծխախոտ չծխելով եւ ալքոհոլ չգործածելով: Ստամոքսի խոցը չդարմանուելու պարագային, կրնայ ստեղծել անակնկալ բարդութիւններ, որ-ոնցմէ կարեւորագոյնն է մեծածաւալ արիւնահոսութիւնը: Այս պարագային, ենթական կ՛ունենայ մարմինի ընդհանուր տկարութիւն, գլխապտոյտ, առատ քրտինք եւ նուաղում, եւ վիրաբուժական անմիջական միջոցառում մը պարտադիր կը դառնայ:
5. Ստամոքսի խլիրդ
Ստամոքսի խլիրդը յաճախ պատահող խլիրդ է: Անիկա տարեցներու հիւանդութիւն է՝ առանց սեռի խտրութեան: Անոր կարեւորագոյն ախտապատճառը ստամոքսի HBP բորբոքումն է: Ստամոքսի բոլիբները (polyp) կրնան փոխուիլ խլիրդի, մասնաւորապէս՝ անոնք, որոնք մէկէ աւելի խմբաւորումով կը յայտնուին: Այս մտահոգութենէն մեկնած, ստամոքսադիտակով տեսնուած բոլիբները ամբողջութեամբ պէտք է հատել եւ ախտաբանական քննութեան ենթարկել:
Ստամոքսի խլիրդը կը յայտնուի զանազան երեւոյթներով.
– Բոլիբանման ուռուցք կամ սնկաձեւ ուռուցք (fungating)
– Խոցանման եւ խորաթափանց (penetrating):
– Մակերեսային եւ տարածուն:
– Դէպի ստամոքսի պատի բոլոր խաւերը սփռուող (infiltrating):
Ստամոքսի խլիրդը, նախնական շրջանին, գրեթէ կը մնայ աննշան՝ առանց որեւէ ախտանշանի: Քիչ պարագաներու, միակ ախտանշանը կ՛ըլլայ դժուարամարսութեան զգացումը: Խլիրդի ծաւալումով՝ հիւանդը յագեցած (satiety) կը զգայ պզտիկ քանակութեամբ կերակուրի սպառումով, կը գանգատի փորի լեցունութենէ եւ ուռածութենէ: Այս հանգրուանին, հիւանդը քիչ կ՛ուտէ եւ կը սկսի նիհարնալու ու շուտ յոգնելու: Սկզբնական շրջանին, ան կ՛ունենայ աննշմար արիւնահոսութիւն եւ արեան տկարութիւն: Խլիրդի ծաւալումով եւ տարածումով՝ կը յայտնուին նոր ախտանշաններ, ինչպէս՝ դեղնութիւն, փորի ջրակալում (ascitis) եւ սեւ կղկղանք, որ հետեւանք է ստամոքսի խլիրդի արիւնահոսութեան:
Ստամոքսի խլիրդը կը տարածուի մօտակայ եւ հեռաւոր օրկաններու՝ մասնաւորաբար թոքերուն, ուղեղին, ոսկրածուծին եւ լեարդին: Անոր ախտաճանաչումը կը կատարուի ստամոքսադիտակով եւ տեսնուած ուռեցքէն քանի մը կտորներ վերցնելով, ախտաբանական քննութիւն կատարելու նպատակով: Անշուշտ կը կատարուին նաեւ արեան յատուկ քննութիւններ եւ զանազան տեսակի նկարահանումներ՝ պարզ Ք-ճառագայթային նկարահանում, համակարգչային եւ մակնիսարձակ նկարահանումներ:
Ստամոքսի խլիրդի դարմանումը կախեալ է անոր աստիճանաւորումէն (staging), ծաւալէն եւ տարածումէն: Երբ խլիրդը տեղայնական է, այսինքն՝ չէ տարածուած, անոր դարմանումը կ՛ըլլայ ստամոքսի որոշ բաժինի մը վիրահատումով, ապա քիմիադեղային դարմանումով (chemotherapy) եւ Ք-ճառագայթային բուժումով (radiotherapy):
Իսկ խլիրդի տարածման պարագային, վիրահատումը ընդհանրապէս արդիւնաւոր չըլլար. միակ դարմանամիջոցը կը մնայ Ք-ճառագայթային եւ քիմիադեղային դարմանումը, որուն օգուտը, սակայն, սահմանափակ է: