
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի թեկնածու Ճան Քերի կը ծրագրէ յառաջիկայ ամիս Թուրքիա այցելել՝ քննելու համար Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցերը:
Ըստ թերթին՝ Քերիի Անգարա այցելութիւնը կրնայ անոր առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը ըլլալ, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար:
Կը նախատեսուի, որ թուրք պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներուն կողքին, Քերի նաեւ հանդիպում ունենայ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավարներ Սելահետտին Տեմիրթաշի եւ Կիւլթան Քըշանաքի հետ, թուրք-քիւրտ խաղաղութեան հոլովոյթը ամրապնդելու նպատակով:
Քերի թերեւս հանդիպում ունենայ նաեւ գլխաւոր երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Ըստ նոյն թերթին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի անցեալ շաբաթ Ուաշինկթըն կատարած այցելութիւնը, Փետրուարի վերջաւորութեան կամ Մարտի սկիզբը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութեան պատրաստութեան համար էր:
Կը նախատեսուի, որ Թուրքիոյ վարչապետը եւս յառաջիկայ ամիսներուն Միացեալ Նահանգներ այցելէ:
Յայտնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Հինգշաբթի, Յունուար 24ին սկսաւ քննելու Քերիի թեկնածութիւնը վաւերացնելու հարցը: