ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ կառավարութիւնը կատարած է գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման վերաբերող քննարկում, որուն մասնակցած են նաեւ միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու, Համաշխարհային դրամատան եւ տարբեր երկիրներու դեսպանատուներու ներկայացուցիչները:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան կարեւոր նկատած է գիւղատնտեսական համատարած հաշուառում կատարելը: «Մենք երբեւէ այսպիսի հաշուառում չենք իրականացրել եւ խիստ անհրաժեշտ է իմանալ՝ ինչպիսին է իրական պատկերը գիւղատնտեսութեան ոլորտում: Գիւղատնտեսութեան տեսակարար կշիռը Համախառն ներքին արտադրութիւնում վերջին 5 տարիների ընթացքում էապէս աւելացել է, ինչը պայմանաւորուած է մեր երկրում տեղի ունեցող կառուցուածքային փոփոխութիւններով եւ իրականացուող ծրագրերով: Այս բնագաւառի համար կառավարութիւնը մշակել է նոր՝ գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման երկարաժամկէտ համալիր ծրագիր: Մենք այլեւս չենք կարող գիւղատնտեսութիւնը դիտարկել գիւղի զարգացումից առանձին, քանի որ այն մարդիկ, որոնքչեն զբաղուելու գիւղատնտեսութեամբ, պէտք է գիւղում ունենան այլ աշխատատեղեր: Այդ ուղղութեամբ իրականացւում են խոշոր ներդրումային ծրագրեր: Մենք շահագրգռուած ենք գիւղատնտեսութեան ոլորտում հաշուառմամբ եւ այն լինելու է կառավարութեան 2013-2016 թուականների կարեւորագոյն ծրագրերից մէկը», յայտնած է Տիգրան Սարգսեանը:
Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Ժան Միշել Հապպի յայտնած է, որ իր ղեկավարած կառոյցը կ՛օժանդակէ գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման գործընթացին: Նկատի առնելով գիւղատնտեսութեան բնագաւառի կարեւորութիւնը՝ Համաշխարհային դրամատունը 200 հազար տոլարի յատկացում կատարած է գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման նախապատրաստական աշխատանքներուն օժանդակելու համար:
Ծրագիրի աշխատանքներուն իրենց աջակցութիւնը յայտնած են նաեւ Եւրամիութեան «Թուինինկ» ծրագիրի եւ Միացեալ Նահանգներու գիւղատնտեսական բաժանմունքի ներկայացուցիչները:
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան նշած է, որ գիւղատնտեսական համատարած հաշուառումը առիթ պիտի տայ ձեւաւորելու ամբողջական համակարգ՝ հետագայ աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ կերպով կազմակերպելու համար:
Գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման նպատակն է տեղեկութիւններ հաւաքել գիւղատնտեսական կարեւորութիւն ներկայացնող հողերուն, անասուններուն, գիւղատնտեսական սարքերուն, գիւղատնտեսական արժէք ունեցող շէնք-շինութիւններուն, մարդկային, նիւթական ներուժին եւ անոնց օգտագործման վերաբերեալ: Նշուած է, որ, ՄԱԿի ուղեցոյցներուն համաձայն, անդամ երկիրները պարտաւոր են առնուազն 10 տարին անգամ մը կատարել գիւղատնտեսական համատարած հաշուառում, իսկ Հայաստանի մէջ նման բան երբեք չէ կատարուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.