
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա, ԵԱԿՀ Մինսկի խմբակի համանախագահ միւս երկիրներուն հետ միատեղ, պիտի շարունակէ ջանքերը, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծում մը գտնելու նպատակով. Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Չորեքշաբթի, Յունուար 23ին այսպէս յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով: «Եթէ մենք կը փափաքինք հարցին տալ գործնական լուծում, ապա անհրաժեշտ է գործել իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ», ըսած է ան:
Ըստ Լաւրովի՝ արդէն քանի մը տարի է, որ համանախագահները կը փորձեն հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ համաձայնագիր մը պատրաստել, սակայն կողմերը ցարդ չեն համաձայնած կարգաւորման վերջնական փաստաթուղթի կէտերուն շուրջ:
«2010ի Մայիսին, Մեծ ութեակի գագաթնաժողովին ընթացքին, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ մը՝ կոչ ընելով Պաքուին եւ Երեւանին հաւանութիւն տալու հակամարտութեան կարգաւորման փաստաթուղթին, սակայն Քազանի մէջ, հակամարտող կողմերու նախագահներուն հանդիպման ժամանակ, փաստաթուղթը չհաստատուեցաւ», յիշեցուցած է Լաւրով:
Ըստ անոր՝ երկու կողմերու արտաքին գործոց նախարարները հակամարտութեան ներկայ հանգրուանին կը շարունակեն հանդիպումներ ունենալ՝ փորձելով դիրքերը իրարու միացնել:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ համանախագահները հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ կողմերուն առաջարկած են նաեւ փաստաթուղթին կրճատուած տարբերակը, սակայն այդ մէկը եւս արդիւնք չէ տուած:
«Մեր նախագահը կը փափաքի բոլոր համանախագահներուն մօտեցումները նկատի ունենալով՝ ստեղծել 2007ի եւ 2009ի նախագիծերը մէկտեղող փաստաթուղթ մը: Այդ գործին նուիրուած է արդէն 10 հանդիպում, որոնց միշտ մասնակցած են ֆրանսացի եւ ամերիկացի համանախագահները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի ներկայացուցիչը՝ ամբողջութեամբ ծանօթանալով գործընթացին», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը: