
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած հայազգի Սեւակ Պալըքճիի սպանութեան գծով դատավարութիւնը պիտի շարունակուի Ուրբաթ, Յունուար 25ին: Թրքական «Թարաֆ» թերթը այս առիթով զրուցած է Սեւակի ծնողքին հետ: Այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ վկաները փոխած են իրենց նախնական վկայութիւնը ոճիրին կանխամտածուած ըլլալուն մասին, եւ հիմա կը պնդեն, թէ տեղի ունեցածը դժբախտ պատահար էր՝ Սեւակին մայրը պատասխանած է. «Ակնյայտ է, որ անոնց սպառնացած են: Բոլորը հիմա կ՛ըսեն՝ «Չենք տեսած, չենք լսած»: Անոնք քանի մը անգամ վկայութիւն փոխեցին»:
Իսկ Սեւակին հայրը աւելցուցած է. «Հարիւր տոկոսով վստահ եմ, որ տեղի ունեցածը արկածի հետեւանք չէր: Կատակի ընթացքին չէ եղած դէպքը, ինչպէս ներկայիս կը պնդեն: Դէպքին վայրը կատակելու վայր չէ. անոնց միջեւ փշալար եղած է, ուստի ինչպէ՞ս կրնային հոն կատակել: Քրէական զեկոյցները կը վկայեն, թէ զէնքը Սեւակին ուղղուած եղած է»:
«Այդ օրը Ապրիլ 24ն էր, Զատիկ էր, 96 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով այդ օրերը համընկնած էին: Այդ օրը հայ մը պէտք էր մահանար: Ես ասոր կը հաւատամ: Նոյնը մէկ այլ հայ երեխայի հետ կրնար պատահիլ», ըսած է հայրը՝ աւելցնելով, որ պէտք է նաեւ բացայայտել, թէ որո՞նք կանգնած են մարդասպանին կողքին:
Անդրադառնալով վերջերս Պոլսոյ մէջ հայ կանանց դէմ տեղի ունեցած բռնութիւններուն՝ Սեւակի մայրը նշած է, որ նման յարձակումներ շատ մտահոգիչ են:
«Կը վախնանք, որ մեր երիտասարդները եւս յարձակումներու թիրախ կրնան դառնալ: Նախապէս նման սպանութիւններ, առեւանգումներ, անհանգստութիւն պատճառելու դէպքեր չկային: Մեզ միայն «կեաւուր» կ՛ըսէին, իսկ երբեմն կ՛ընկերանայինք ըսողներուն հետ», աւելցուցած է Սեւակի մայրը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հաւատք ունի՞ն դատավարութեան արդարութեան նկատմամբ՝ մայրը պատասխանած է. «Յոյս ունինք: Այդքան փաստ կայ հաւաքուած, որ չեմ կարծեր, թէ դատարանը սխալ որոշում կ՛արձակէ: Կը փափաքիմ, որ այս դատավարութիւնը արդար լուծում ունենայ»: