ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցնող շաբաթավերջին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ՝ հանդիպումներ թեմակալ առաջնորդներու հետ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Կրօնական ժողովը լայնօրէն քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրօնական դաստիարակութեան, Կիրակնօրեայ վարժարաններու, Երիտասարդական, Միջեկեղեցական ու Միջկրօնական յարաբերութիւններու բաժանմունքներուն կատարած աշխատանքները՝ անցնող ամիսներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ յառաջիկայի ծրագիրները: Քննարկումի նիւթ դարձան Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եղբայրակցութիւններուն հետ Ս. աթոռին յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան աշխատանքներուն ընթացքը: Յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձան Դպրեվանքը, քահանայից դասընթացքը եւ քահանայից վերաորակաւորման գծով կատարուած նախաձեռնութիւնները: Զեկոյցներու ու քննարկումներու լոյսին տակ, վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքին ու ձեռք ձգուած յաջողութիւններուն առթիւ: Վեհափառը միաժամանակ շեշտեց, թէ «կատարուածով պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ՝ ձգտիլ աւելիին, լաւագոյնին, ամբողջականին: Եկեղեցին կոչուած է ընդառաջելու մեր ժողովուրդի կարիքներուն ու սպասումներուն, որոնք այլազան են ու բազմազան»:
Ազգ. Կեդր. վարչութեան Քաղաքական ժողովը, իր կարգին, առաջին հերթին քննարկեց Յունիսին տեղի ունենալիք Ազգ. Ընդհ. ժողովի առնչուած հարցեր: Ճշդուեցաւ կաթողիկոսարանի 2013ի ընթացիկ նախահաշիւ պիւտճէն՝ վաւերացնելէ ետք 2012ին իրագործուած պիւտճէն: Ընդհանուր ակնարկ մը նետուեցաւ կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն՝ յատկապէս Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչուած: Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը նաեւ անդրադարձաւ կարգ մը թեմերու հետ աղերս ունեցող կարեւոր հարցերու եւ ապա՝ շուրջ չորս տարիներ առաջ ճշդած իր աշխատանքային ծրագիրին վերարժեւորումը կատարեց:
Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած ժողովական աշխատանքներուն երրորդ հանգրուանը հանդիսացաւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան ու թեմակալ առաջնորդներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը: Սոյն հանդիպման ընթացքին լայն քննարկումի ու խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը, Ցեղասպանութեան 100ամեակին գծով տարուող աշխատանքները, Հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը, ինչպէս նաեւ Ազգ. ընդհանուր ժողովը: Վերոյիշեալ հարցերուն գծով վեհափառը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց ժողովականներուն՝ միաժամանակ պարզելով մեր Սուրբ աթոռին տեսակէտները, մտահոգութիւնները ու սպասումները:
Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը թէ՛ Ազգ. Կեդր. վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն եւ թէ առաջնորդներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւս առաջնահերթ տեղ գրաւած էր: Այս առիթով, նախ կարդացուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան սրբազանին ընդարձակ զեկոյցը՝ կատարուած օժանդակութեան աշխատանքներուն շուրջ: Նշենք, որ սրբազանը չէր կրցած այս ժողովներուն ներկայ գտնուիլ՝ Հալէպի օդակայանի փակման պատճառով: Վեհափառը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց մեր բոլոր թեմերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան ու այն բոլոր գաղութներուն, կազմակերպութիւններուն ու անհատ ազգայիններուն, որոնք օժանդակած էին Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Վեհափառը յայտնեց, որ կաթողիկոսարանին կողմէ ցարդ ստացուած շուրջ մէկ միլիոն տոլարին մեծագոյն մասը արդէն իսկ փոխանցուած է Հալէպի Ազգ. առաջնորդարան: Վեհափառը այս առիթով կոչ ուղղեց առաջնորդներուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ նո՛յն ոգիով շարունակեն իրենց աջակցութիւնը՝ օժանդակելու սուրիահայութեան կարիքներուն:
Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներու եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ, յառաջիկային տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսաց ժողովին գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տրուեցան Օշական եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսներուն կողմէ, որոնք անդամ են յիշեալ ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն լծուած յանձնախումբին: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողով մը գումարելու հրամայականը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ հայ եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգութիւնը:
Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման աշխատանքներու ծիրէն ներս, վեհափառը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ գումարուող 100ամեակի համահայկական յանձնախումբի ծրագրումներուն ու աշխատանքներուն: Ապա ան շեշտեց Սփիւռքէն ներս ու յատկապէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերէն ներս միասնական ոգիով, ծրագրուած աշխատանքով ու պահանջատիրական կեցուածքով 100ամեակը նշելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Ազգ. Ընդհ. ժողովին ու Արցախի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Նոր Կիլիկիա գիւղին, Սփիւռքի մարդուժին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան հետ կապ ունեցող խնդիրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.