
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ արձանագրուած «Ռասիա ՖԶԷ» ընկերութիւնը պիտի ֆինանսաւորէ Հայաստանի հարաւային երկաթուղիի եւ Հայաստանի հարաւային արագընթաց ճանապարհի նախագծումը, կառուցումը եւ շահագործումը: «Հայաստանի հարաւային երկաթուղի» եւ «Հայաստանի հարաւային արագընթաց ճանապարհ» ծրագիրներուն մեկնարկը տրուեցաւ 18 Յունուարին՝ Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան, «Ռասիա ՖԶԷ» ընկերութեան եւ «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ» ընկերութեան միջեւ ծրագիրներու ծիրին մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան մասին եռակողմանի փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութեամբ: Ծրագիրներուն արժէքը 3 միլիառ տոլար է:
Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեանի համաձայն, «արագընթաց ճանապարհը, որը սկսուելու է Մեղրիից եւ ձգուելու մինչեւ Գեղարքունիքի մարզի Գագարին գիւղ, տնտեսական մեծ նշանակութիւն կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: 18 ամսուայ ուսումնասիրութիւնից յետոյ պարզ կը լինի, թէ ինչ ժամանակահատուածում կ՛աւարտեն ճանապարհի ամբողջական շինարարութիւնը: Երկաթուղու կառուցման տեխնիկական ուսումնասիրութիւնը սկսուել է ու կը տեւի 1.5 տարի, մէկ տարի էլ՝ ճանապարհի կառուցման տեխնիկական ուսումնասիրութիւնը»:
Ստորագրուած են Հայաստանի հարաւային արագընթաց ճանապարհի եւ Հայաստանի հարաւային երկաթուղիի վերաբերող համաձայնագիրներ, որոնց գործունէութեան ժամկէտը 30 տարի է՝ շինարարութեան աւարտէն ետք: «Ռասիա ՖԶԷ» ընկերութիւնը պարտաւոր է սեփական միջոցներով իրականացնել համաձայնագիրներով նախատեսուած նախագիծերու իրագործելիութեան ուսումնասիրութիւնը, որուն արդիւնքներուն հիման վրայ կը նախատեսուի հետագային՝ պետութիւն-սեփական հատուած համագործակցութեամբ իրականացնել շինարարական աշխատանքները։