
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Ուրբաթ, Փետրուար 15ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:40, հայագիտութեան նուիրուած ուսանողական գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Ռոյս» շէնքի թիւ 314 սրահին մէջ:
Գիտաժողովը համադրած Անի Հոնարճեանի եւ փրոֆ. Փիթըր Քաուիի բացման խօսքերէն ետք, պիտի սկսի գիտաժողովին առաջին բաժինը, որ նուիրուած է աստուածաբանական հարցերու: Առաջին նիստի համադրողն է Մարինէ Հայկազեանը, իսկ անոր ընթացքին դասախօսութիւններ պիտի ներկայացնեն Քլոտիա Մաթոտա, Աստղիկ Պապաճանեան, Մարիամ Գարտաշեան:
Ժամը 11:35ին սկսող երկրորդ նիստը պիտի քննէ յատկապէս Արեւելեան Եւրոպայի հայ համայնքներուն մէջ կրօնական ու մշակութային հարցերը: Նիստի համադրողն է Անի Հոնարճեան, իսկ նիւթեր պիտի ներկայացնեն Էմէսէ Փալ, Պալինթ Քովաքս եւ Քոնրատ Սիքերսքի:
Կ.ե. ժամը 2ին սկսող երրորդ նիստը նուիրուած է «Ցեղասպանութիւն եւ Սփիւռք» նիւթին, իսկ անոր համադրողն է Արա Սողոմոնեանը: Դասախօսութիւններ պիտի ներկայացնեն Թուղճը Քայալ եւ Անահիտ Մաթոսեան:
Կ.ե. ժամը 3:20ին սկսող չորրորդ նիստը նուիրուած է արդի արուեստի մէջ սեռային հարցերու քննարկման: Նիստը պիտի համադրէ Նարինէ Ճալլաթեան, իսկ դասախօսութիւններ պիտի ներկայացնեն Կարէն Ճալլաթեան եւ Շուշանիկ Զօհրապեան:
Կ.ե. ժամը 4:20ին սկսող վերջին նիստը յետխորհրդային շրջանի կառավարման հարցերու նուիրուած է. անոր համադրողն է Տենի Ֆիթանթէն, իսկ Մարիամ Եղեան եւ Տիգրան Սայաթեան դասախօսութիւններ պիտի ներկայացնեն:
Վերջին նիստի աւարտին հիւրաբար ելոյթ պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոնկ Պիչի բաժանմունքէն համաշխարհային բաղդատական գրականութեան դասախօս դոկտ. Դալար Շահինեանը:
Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցութիւն եւ կարճ դադար մը: Դասախօսութեանց աւարտին եւ մինչեւ ժամը 6:30 հիւրասիրութիւն տեղի պիտի ունենայ:
Գիտաժողովի ամբողջական ծրագիրին համար, այցելել http://www.armacad.info/archives/15697 կայքէջը: