ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի ՀՕՄի «Սոֆիա» մասնաճիւղի 60ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15ին, քաղաքի «Հոլիտէյ Ին» պանդոկի «Կրենտ» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ 350 ՀՕՄուհիներու եւ համակիրներու:
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Յակոբ Յովհաննէսեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք՝ հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ու բեմ հրաւիրեց Շողիկ Պապոյեանը, երգելու համար Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգները:
Հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեան կատարեց սեղաններու օրէնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ տպաւորիչ մոմավառութիւն մը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադիրներու անուններուն եւ լուսանկարներուն սահիկներով ցուցադրութիւնը:
Բացման խօսքը կատարեց ՀՕՄի «Սոֆիա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Նազիկ Արիսեան, որ նշեց, թէ մինչ կազմակերպութեան 60 տարիներու գործունէութիւնը ինքնի՛ն կարեւոր իրագործում մըն է, մասնաճիւղը տակաւին երիտասարդ է ու առջեւը ունի իրագործումներու շարք մը եւ գործունէութեան լայն դաշտ մը: Ան նշեց, որ 2012ի կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկն է ՀՕՄի Շաբաթօրեայի բացումը, որ մասնաճիւղի երազներէն մէկն էր:
Ապա, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոզի Պետրոսեան ելոյթ ունենալով մատնանշեց, թէ ՀՕՄը կը շարունակէ աշխարհի տարածքին կատարել իր մարդասիրական աշխատանքները՝ հասնելով հայութեան կարիքներուն: Ան այս հանգրուանին յոյժ կարեւոր համարեց սուրիահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու աշխատանքը:
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լենա Պոզոյեան խօսք առնելով՝ շնորհաւորեց մասնաճիւղի 60ամեակը, դրուատեց ՀՕՄուհիներուն աշխատանքը եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: Ան այս առիթով յատուկ յուշատախտակ մը նուիրեց ՀՕՄի «Սոֆիա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Նազիկ Արիսեանին:
Նաեւ, արուեստագիտուհի Յասմիկ Գլըճեան այս առիթով ՀՕՄի խորհրդանշանով պատրաստուած արուեստի գործ մը նուիրեց մասնաճիւղին:
Ապա տեղի ունեցաւ աւելի քան 40 հայկական աւանդական տարազներու ցուցադրութիւն, որ իրականացաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համա-ատենապետուհի Անուշ Շամլեանի ջանքերով: Տարազները, տարիներու ընթացքին, պատրաստուած են մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կողմէ, եւ միայն երրորդ անգամն էր, որ կը ցուցադրուէին Ֆրեզնոյի մէջ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի այլ համա-ատենապետուհի Վիգի Գաթարոյեան, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, համակիրներուն, հովանաւորներուն ու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ապահովեցին ձեռնարկին յաջողութիւնը: Ապա ան յատուկ յուշատախտակ մը յանձնեց մասնաճիւղի երկարամեայ անդամներէն Անուշ Շամլեանի, որ տարիներով հոգ տարած էր ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուած հայկական աւանդական տարազներուն ու պատրաստած էր տպաւորիչ ցուցադրութիւն մը:
Իր կարգին, Անուշ Շամլեան ներկայացուց հիմնադիր վեց ընկերուհիներէն երեքը, որոնք ներկայ էին ձեռնարկին՝ Լարիս Աբրահամեան, Նազիկ Քոջոլոսեան (Մսըրլեան) ու Սիմա Քափրիէլեան (Լիէժ)՝ շնորհակալութիւն եւ երախտագիրութիւն յայտնելով անոնց:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինի աւարտին, հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ զուարթ մթնոլորտի մէջ՝ երաժշտութեամբ եւ պարով:
Նշենք, որ համա-ատենապետուհիներ Անուշ Շամլեանի ու Վիգի Գաթարոյեանի, ինչպէս նաեւ Ռոզի Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, շարք մը ընկերուհիներ իրենց ներդրումը ունեցան այս ձեռնարկի յաջողութիւնը ապահովելու գործին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.