ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր գործադիր վարիչը՝ Էլըն Ասատրեան, որոշած է երեք ամիսով հեռանալ իր պաշտօնէն, ստանձնելու համար Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց մասնակցող Զարեհ Սինանեան ընտրապայքարին տնօրինումը:
Նկատի ունենալով, որ Ասատրեան Կլենտէյլի մէջ իր տարած աշխատանքին կողքին նաեւ ստանձնած էր նոր քուէարկողներ արձանագրելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին «Hye Votes» արշաւը համակարգելու պարտականութիւնը, այդ պաշտօնը եւս թափուր պիտի մնայ: Այս պատճառով, Կենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է այդ աշխատանքը համակարգող ժամանակաւոր պաշտօնեայ մը նշանակել: Անոնք, որոնք հետարքրուած են այս պաշտօնով, կրնան իրենց դիմումները ղրկել 211 W. Chestnut St., Suite 302, Glendale, CA 91204 կամ admin@ancaglendale.org հասցէներուն, մինչեւ Յունուար 22:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.