
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կատակաբան Արա Պասիլի կազմակերպութեամբ ծիծաղի երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 27ին, Լոս Անճելըսի աշխարհահռչակ «Քամընտի Սթոր»ին մէջ, մասնակցութեամբ խումբ մը մենակատարներու եւ «Տի.Ճէ. Հայ FX»ի:
Դռները պիտի բացուին երեկոյեան ժամը 7ին, իսկ ձեռնարկը պիտի սկսի ժամը ճիշդ 8ին:
Եթէ տոմսերը համացանցէն ապսպրուին, անոնց արժէքը 15 տոլար է, իսկ եթէ itsmyseat.com ցանցին վրայ «FUNNY» բառը գործածուի ապսպրելու ընթացքին, ապա տոմսը միայն 10 տոլար պիտի արժէ: Սրահի մուտքին, տոմսին սակը 25 տոլար է: Տոմսերը կարելի է ապահովել նաեւ Laughstub.com կայքէն:
Արա Պասիլի «Running On Armenian Time»ը տրամադրելի է DVD-ի վրայ, որուն սակը 9.99 տոլար է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
basil@thebaze.com հասցէի: