ԵՐԵՒԱՆ, «Հայաստանի ժամանակ».– «Համեմատած նախորդ տարիների՝ այս տարի տօնական օրերին Լեռնային Ղարաբաղ աւելի շատ հայաստանցիներ են այցելել», յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահուերդեանը՝ «Հայկական ժամանակ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Անոր համաձայն, Ղարաբաղ այցելած հիւրերէն կը հաշուըուին միայն օտարներ, իսկ Հայաստանի քաղաքացիներու մուտքի վիճակագրական անցուդարձը չ՛արձանագրուիր: Այդուհանդերձ, անոր համաձայն, այս տարի Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ գացողներուն թիւը զգալիօրէն մեծ եղած է: «Ակտիւութիւնն պայմանաւորուած է նրանով, որ ԼՂՀում հանգստեան տների սակագները համեմատած, օրինակ՝ Ծաղկաձորի, æերմուկի եւ այլ վայրերի, աւելի մատչելի են: Սրա հետ մէկտեղ, ըստ տուրիզմի վարչութեան պետի, շատ կարեւոր է մարդկանց՝ Ղարաբաղ այցելելու ցանկութիւնը, գեղատեսիլ բնութեամբ հիանալը», յայտնած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.